2013-11-19 12:04:50

''Յարգել մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, անոնց յիշողութեան մէջ կայ ժողովուրդի մը ապագան'' ըսաւ Քահանայապետը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


Երեքշաբթի, 19 նոյեմբերի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ըսաւ` ''Ժողովուրդ մը որ չի յարգէր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը՝ առանց յիշողութեան ժողովուրդ մըն է ու կը մնայ առանց ապագայի''։
Կ՚ ապրինք ժամանակաշրջան մը ուր տարեցները անարժէք նկատուած են ու նեղութեան պատճառ։ Տարեցները անոնք են որ մեզի կը փոխանցեն պատմութիւնը, վարդապետութիւնն ու հաւատքը։ Անոնք կը նմանին ''հին գինիին'' որ մեզի կը փոխանցէ արժէքաւոր ժառանգութիւն։
Սրբազան Հայրը ապա ներկաներուն պատմեց դրուագ մը ընտանիքի մը մասին` հայր մը, մայր մը, զաւակ մը եւ մեծ հայրիկը։ Այս վերջինը ծերութեան պատճառաւ կը թողար ու կերակուրը սեղանի վրայ կը թափէր։ Հայրը անոր զատէն սեղան մը կը գնէ որպէսզի զատէն ուտէ ու չի խանգարէ միւսները։ Օր մը երբ Հայրը գործէն տուն կը վերադառնայ կը գտնէ փոքրիկ զաւակը որ տախտակով կը խաղայ ու երբ անոր հարց կու տայ թէ ին՞չ կ՚ ընէ, փոքրիկը կը պատասխանէ` ''քեզի համար սեղան մը կը շինեմ որպէսզի երբ ծերանաս կարենաս վրան ուտել''։ Ազդեցիկ մէկ պատմութիւն մը - ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց - ''Մեծ Հայրիկներն ու մեծ մայրիկները գանձ մըն են. եւ Ժողովուրդ մը որ չի յարգեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը` յիշողութիւնը կը կորսնցնէ ու կը մնայ առանց ապագայի''։
Ան ապա խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները աղօթել մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն համար, որոնք հերոսաբար մարտնչած են, հալածանքներու ընթացքին, պահպանելու ու մեզի փոխանցելու պապենական հաւատքը, ու հայցել սուրբերու բարեխօսութիւնը ընդունելու համար շնորհքը` պահպանելու, ունկնդրելու եւ պատուելու մեր նախնիկները, մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.