2013-11-19 09:54:46

Եւրոպայի խորհրադարանը եւ համաշխարհային դրամատան օժանդակութիւնները
Փիլիպեան կղզեախումբին։


Եւրոպայի խորհրդարանը, Սթրազպուրկի մէջ գումարուած լիանիստ ժողովի բացումէն առաջ, մէկ վայրկեան լռութիւն պահեցին առ ի յարգանք Փիլիպեան կղզեախումբի զոհերուն։ Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահ Շուլց ՝ ժողովի ընթացքին բացայայտեց Փիլիպեան կզեախումբը հարուածող ''հայան'' մրրիկի պաճառած ողբերգական թիւերը . 4000 զոհեր, 660.000 տնանկներ եւ 20 հազար անյայտներ։ Նախագահ Շուլց յայտնած է, թէ Փիլիպիեան կղզեախումբի ճակատագիրը կախեալ է օտարներու օժանդակութենէն.
Յայտնենք որ ''Համաշխհարային դրամատունը'' 500,000 ամերիկեան տոլար յատկացուցած է Փիլիպեան կղզեախուբին եւ որոշած է մասնագէտներու խումբ մը ուղարկել երկրի վերակառուցումի գործերուն որպէս օժանդակութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.