2013-11-19 11:46:04

Առողջապահական Խնամատարներու Քահանայապետական խորհուրդի միջազգային 28-րդ համագումարը։


21 - 23 նոյեմբեր, Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Առողջապահութեան Խնամատարներու Քահանայապետական խորհուրդի միջազգային 28-րդ համագումարը, որ ունի որպէս նիւթ ''Եկեղեցին ի սպաս տարեց հիւանդին. վատասերած ջղային հիւանդութենէ տառապող անձերու դարմանումը''։
Միջազգային այս 28-րդ համագումարի ներկայացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 19 նոյեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. անուան սրահին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Առողջապահութեան Խնամատարներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` գերապայծառ Զիկմունդ Զիմովսքի, Խորդուրդի քարտուղար` գերապայծառ Ժան Մարի Մուբէնտաուադու, ենթաքարտուղար` հայր Աուկուսդօ Շէնտի, ինչպէս նաեւ ''Ալցհայմէր'' հիւանդութեան Իտալիոյ դաշնակցութեան նախագահ` Տիկ. Կապրիէլլա Սալվինի Բորրօ եւ Կուիտոնիայի հիւանդանոցի ''Ալցհայմէր'' հիւանդութեան կեդրոնի պատասխանատու` Տոքթ. Կապրիէլէ Գարպոնէ։
Աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ, 57 երկիրներու 700 մասնագէտներ պիտի մասնակցին վերոյիշեալ համագումարին։ ''Ծերերու մտագարութեան'' հիւանդութեան ամէնէն տարածուածը ''Ալցհայմերն'' է որուն զոհ են, համայն աշխարհի մէջ, 35 միլիոն անհատ։
Յայտնենք որ 23 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ համագումարի բոլոր մասնակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.