2013-11-19 08:15:09

«Մեր նպատակը «Ժընեւ-2»-ը դեկտեմբերի կիսուն գումարելն Է» ըսաւ Պան Քի Մուն։


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եկուշաբթի 18 նոյեմբերին յայտարարեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ Սուրիոյ շուրջ խաղաղութեան «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը գումարուի «դեկտեմբերի կիսուն», իսկ ճշգրիտ թուականը յառաջիկայ շաբաթ ճշդուի։
Պան Քի Մուն Լիթուանիոյ մէջ լրագրողներուն ըսաւ, որ «այս պահուս անկարող եմ որեւէ թուական յայտարարելու։ Մեր նպատակը դեկտեմբերի կէսն է»։
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի պիտի ջանայ 25 նոյեմբերին ռուս եւ ամերիկացի պատուիրակներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին թուական մը ճշդել։
«Անոնք պիտի քննարկեն, եւ եթէ կարելի ըլլայ, կը յուսամ, որ պիտի կարենան թուական մը ճշդել, որպէսզի կարենամ յայտարարութիւն մը հրապարակել», ըսաւ Պան։
Անցեալ շաբաթ սուրիական օրաթերթ մը հաղորդեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պիտի գումարուի 12 դեկտեմբերին, սակայն այդ թուականը պաշտօնապէս չէ հաստատուած։
Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Հասան Ռուհանի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ տագնապը։ Ըստ Քրեմլինի, երկու նախագահները վերահաստատած են «խաղաղ տագնապի նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը»։
Քրեմլին հաղորդեց, որ երկու նախագահները նաեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի պատրաստութեան ջանքերուն կարեւորութիւնը նշած են։
Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահի մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ երէկ այցելեցին Մոսկուա, ուր քննարկեցին «Ժընեւ-2»-ի պատրաստութեան աշխատանքները։
Շաապան եւ Մըքտատ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցան Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներ Կենատի Կաթիլովի եւ Միխայիլ Պոկտանովի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.