«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ։
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը կը յայտարարեն «Հայապահպանութեան
գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ: Մրցոյթին կրնան
մասնակցիլ վերջին երեք տարուան ընթացքին (2011-2013թթ.) եւ մինչեւ այսօր Սփիւռքի մէջ
գործող լրատուամիջոցները, որոնք իրենց ուշադրութեան կեդրոնին կը պահեն հայապահպանութեան,
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի եւ կրթութեան, ինչպէս
նաեւ ազգային այլ հարցեր` հրապարակելով նշուած թեմաներով յօդուածներ, հարցազրոյցներ,
ակնարկներ կամ սփռելով հաղորդումներ, հաղորդաշարեր եւ այլ նիւթեր: Մրցոյթին կը ներկայացուին
2013 թուականին հրապարակուած նիւթերը: Մրցոյթը կ’իրականացուի հետեւեալ անուանակարգերուն
համար` - տպագիր լրատուամիջոց (թերթ, հանդէս) - հեռուստաալիք/հեռուստաժամ -
ռատիօալիք/ռատիօժամ - համացանցային լրատուամիջոց - պլոք Իւրաքանչիւր անուանակարգին
մէջ սահմանուած են գլխաւոր եւ խրախուսական մրցանակներ: Որոնք կ’ուզեն մասնակցիլ Մրցոյթին
մինչեւ 15 Փետրուար 2014-ը մրցութային յանձնաժողովին պէտք է ուղարկեն mասնակցութեան յայտ
եւ 2013-ի գործունէութեան ամփոփագիր: