2013-11-18 14:23:57

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 18 նոյեմբերի գործունէութիւնն ու Քարոզը։


Երկուշաբթի, 18 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Պահամասի կառավարութեան վարչապետ` Տիար Բէրրի Կլատսդոն Քրիսդի, անոր կողակիցը ու իրենց ընկերացող շքախումբը։
Ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան'' ընդհանուր Տնօրէն` Տիար Կայ Րայտէրի ու ապա ժամը 11,30-ին յաջորդաբար ընդունեց` գերապայծառ Ալէն Փօլ Լէպոբէնը Եւրոպայի Միութեան մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Մարիօ Ճորտանոն, Սլովաքիայի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ եւ գերապայծառ Պրունօ Ֆորդէ` Իտալիոյ Գիէդի - Վասդօ թեմի առաջնորդ:
Իսկ առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց ''աշխարհիկ հոգիի'' առաջարկներու հետեւանքներէն, որ բանակցութեան կ՛ենթարկէ ամէն բան, արժէքներն ու նոյնիսկ հաւատքը։ Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով հին կտակարանէն քաղուած` Մակբայեցիներու գիրքի մէկ հատուածին որ կը խօսի Երուսաղէմի բնակիչներուն Անտիոքոսի հպատակութեան ու անոնց պարտադրուած նոր օրէնքին, ու իրենց հաւատքի ուրացման մասին։ Այս մարդիկը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ուզեցին թագաւորին հետ ''բանակցութեան'' նիւթ դարձնել իրենց հաւատքը ''Աստուծոյ հաւատարմութիւնը''։
Այսօր եւս շատեր կան - ըսաւ միշտ Սրբազան Պապը- որ յանուն աշխարհականացումի, բանակցութեան նիւթ կը դարձնեն ոչ միայն արժէքները այլ նոյնինքն հաւատքը, ու այս` սատանայի գործին պտուղն է։ Որովհետեւ այս մէկը` բոլոր ազգերու միութեան գեղեցիկ համաշխարհականացումի երեւոյթը չէ` ամէն մէկը իր անձնական սովորութիւններով բայց միացած, այլ գերիշխանական միակերպութեան համաշխարհականացումն է որ աշխարհիկ հոգիէն կը յառաջանայ։
Սակայն այն ինչ որ մեզ կը մխիթարէ - ըսաւ Սրբազան Հարը - այն է, թէ աշխարհի հոգիի` անհաւատարմութեան այս ճանապարհորդութեան դիմաց, մեր Տէրը չի հակասէր ինքզինք ու կը մնայ միշտ հաւարատիմ։ Ան մեզ կը սպասէ միշտ` մեզ կը սիրէ եւ մեզի կը ներէ երբ մենք զղջացած սրտով մօտենանք իրեն։ Եկեղեցւոյ զաւակներու հոգիով աղօթենք Տէրը, որ իր ողորմութեամբ եւ իր հաւատարմութեամբ մեզ ազատէ աշխարհիկ հոգիէն, որ բանակցութեան կ՚ ենթարկէ ամէն բան։ Թող Տէրը մեզի կանգնի պաշտպան եւ առաջնորդէ մեր քայլերը, այնպէս ինչպէս առաջնորդեց իր ժողովուրդին քայլերը անապատին մէջ, ինչպէս հայր մը իր մանուկը կ՛առաջնորդէ։ Աստուծոյ ձեռքը բռնելով ապահով կրնանք ընթանալ - եզրափակեց Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.