2013-11-18 09:17:57

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը ժամանեց Հռոմ մասնակցելու համար Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի լիանիստ հաւաքին (19 - 22 նոյեմբեր)։


Կարտինալական դասի անդամներ, Պատրիարքներ եւ աւագ Եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը, ժամանած են Հռոմ` մասնակցելու համար Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի գումարած լիանիստ հաւաքին որ տեղի կ՛ունենայ 19-22 նոյեմբեր, Վատիկանի առաքելական պալատի Պոլոնիայ դահլիճին մէջ։
Լիանիստ ժողովի ընթացքին ժողովականները յատուկ ուշադրութեամբ պիտի քննարկեն կեդրոնական երեք նիւթեր` ծիսակատարութիւնը, կղերին կազմաւորումը ու Աստուծոյ ժողովուրդին հովութիւնը։ Անոնք ապա 21 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը ութին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ պիտի մասնակցին համապատարագի արարողութեան զոր կը նախագահէ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին։ Լիանիստ Ժողովի մասնակցող Հայրապետերը` ապա հանդիպում պիտի ունենան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ` քննարկելու համար ''Արեւելքի քրիստոնեաներու'' ներկայ իրավիճակը։
Կիրակի 24 նոյեմբերին` ժողովականները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած` ''Հաւատքի Տարուայ'' եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութեան։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ ժողովի առթիւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը բացած է թուիթերեան հաշիւ մը @orientchurch.va, ու վերանորոգումի ենթարկած է իր կայքէջը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.