2013-11-18 09:54:46

Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր ուժերը խաղաղութեան բանակցութիւններէն առաջ նոր դիրքորոշումներ յայտնած են


«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը ընդդիմադիր զինեալներէն խլած են Դամասկոսի շարք մը արուարձաններ։ Այս իրադարձութեան լոյսին տակ Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտարարած է, որ «շլացուցիչ յաղթանակը» մօտ է։
Հալէպի մէջ ընդդիմադիր զինեալները իրենց զինակիցներուն կոչ կ՛ուղղեն միաւորուելու եւ դէմ կանգնելու կառավարական ուժերուն՝ սպառնալով, որ հակառակ պարագային չմիացողները «իսլամական դատարանի առջեւ» հաշուետուութեան պիտի կանչուին։
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը յայտարարած է, որ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած է Հալէպի մէջ Նէյրապ օդակայանին արեւելքը գտնուող Մաամել եւ Մահալեժ շրջանները։ Լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջի լրագրողը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Հալէպի շրջանին մէջ «Լիուա 80»-ի շրջանին մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան, եւ Սուրիոյ բանակը յաջողած է նշեալ շրջանին մէջ գրաւել բարդերու երկու գործարաններ։
Միւս կողմէ, Լաթաքիոյ արուարձաններուն մէջ սուրիական ընդդիմութենէն լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիական ազատ բանակի ջոկատներն ու իսլամական խմբաւորումներ շրջանին մէջ իրարու միացած են ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի, որմէ պահանջած են շրջանէն հեռանալ եւ յանձնել ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ անոր իշխանը՝ Ապու Այման Իրաքին։
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը հրապարակած է տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու թիրախին մէջ եղած են թրքական պատերազմական երեք օդանաւեր։
Ըստ հաղորդագրութեան, թրքական երեք կործանիչները, որոնք թռիչք առած են Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ, քանի մը վայրկեան յայտնուած են սուրիական հակաօդային համակարգերու թիրախին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ սուրիական կողմը լիարժէք կարելիութիւնը ունեցած է կրակ բանալու թրքական օդանաւերուն ուղղութեամբ։
Նշենք, որ մէկ օր առաջ թրքական օդուժը վար առած էր սուրիական ուղղաթիռ մը՝ թրքական սահմանը խախտելու պատճառաբանութեամբ։ Սուրիական ուղղաթիռը հարուածած օդանաւը թռիչք առած էր Մալաթիոյ մէջ գտնուող ռազմակայանէն։
Նշենք, որ ըստ «Մայատին»-ի, Սուրիոյ բանակը պաշարած է Քալամունի մէջ գտնուող Քարա քաղաքը եւ կը պատրաստուի քաղաք ներխուժել։







All the contents on this site are copyrighted ©.