2013-11-16 10:12:45

Տարուէ տարի կ՛աւելնայ Իտալացի զբօսաշրջիկներու Հայաստան հոսքը։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 15 Նոյեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Պրունօ Սքափինին՝ Հայաստանի մէջ իր առաքելութեան աւարտման առիթով։
Վարչապետը բարձր գնահատած է դեսպանին գործունէութիւնը՝ հայ-իտալական յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման իմաստով:
Պրունօ Սքափինի շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան՝ սերտ համագործակցութեան համար եւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Իտալիոյ յարաբերութիւնները զարգացման ընթացքի մէջ են թէ՛ տնտեսական, եւ թէ մշակութային ու մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ: Ան յիշեցուցած է, որ իր դիւանագիտական առաքելութեան շրջանին ստեղծուած է նաեւ հայ-իտալական առեւտրային պալատը, որ կարելիութիւն պիտի տայ Հայաստանի մէջ ներգրաւելու իտալական նոր ընկերութիւններ եւ ներդրումներ: Պրունօ Սքափինիի համաձայն, տարուէ տարի կ՛աւելնայ իտալացի զբօսաշրջիկներու Հայաստան հոսքը, ինչ որ երկու ժողովուրդներու կապերու ամրապնդման լաւագոյն ուղիներէն մէկն է:
Դեսպանը նաեւ փոխանցած է, որ 2015 թուականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ նախատեսուած է Վերոնայի մէջ կազմակերպել հայկական երաժշտութեան մեծ երեկոյ:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին՝ հայ-իտալական յարաբերութիւններու զարգացման նպաստելուն համար, եւ մաղթած նորանոր յաջողութիւններ հետագայ գործունէութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.