2013-11-16 11:58:46

Զրոյց Տասնմէկերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (2)


Հարցում թիւ 33. Ի՞նչ կը նշանակէ` Աստուած սէր է։
Եթէ Աստուած սէր է, կը նշանակէ թէ ոչ մէկ արարած զուրկ կը մնայ անհուն սիրով շրջապատուելէ. Աստուած չի բաւականանար յայտարարելով թէ ինք սէր է, այլ նաեւ կը փաստէ զայն. Չկայ աւելի մեծ սէր քան նուիրել իր անձը` իր բարեկամներու համար (Յովհ. 15,13)։
Ոչ մի ուրիշ կրօնք կ՛ըսէ այն նչ որ կը հաստատէ քրիստոնէութիւնը, թէ`Աստուած սէր է (Յովհ. 4,8 . 16)։ Հաւատքը կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը ուժեղ կերպով, հակառակ որ չարչարանքի ու ցաւի փորձառութիւնը աշխարհի վրայ` թոյլ կու տայ որ մարդիկ տարակուսին թէ Աստուած իսկապէս սէր է։ Հին Կտակարանին մէջ արդէն, Եսայի մարգարէի բերնով` Աստուած կ՛ըսէ իր ժողովուրդին. Որովհետեւ իմ աչքիս յարգի ես եւ ինծի համար արժէք ունիս եւ ինծի սիրելի ես, քեզ չեմ փոխեր ուրիշ մարդոց եւ ուրիշ ազգերու հետ. Մի վախնար ուրեմն, որովհետեւ ես քու հետդ եմ (Եսայի 43, 4-5)։ Մարգարէին ըսել կու տայ նաեւ հետեւեալը. Կինը կրնա՞յ միթէ մոռնալ իր ծծկեր մանուկը, կրնա՞յ մերժել իր մարմնոյն պտուղին հանդէպ քնքոյշ վարուիլ. Սակայն նոյնիսկ եթէ մայր մը մոռնայ իր զաւակը, ես քեզ բնաւ պիտի չմոռնամ. Ահա քեզ փորագրեցի իմ ափերուս մէջ (Եսայի 49, 14-15)։ Երբ Յիսուս` խաչին վրայ իր կեանքը կը զոհէ իր բարեկամներուն համար, կը յայտնաբերէ թէ իր ըսածները Աստուծոյ սիրոյն մասին անիմաստ խօսքեր չեն։

Հարցում թիւ 34. Ի՞նչ ընելու է երբ ճանչնանք զԱստուած։
Երբ զԱստուած ճանչնանք, պատշաճ է որ իրեն ընծայենք առաջին տեղը մեր կեանքին մէջ. Այն ատեն կը սկսի նոր կեանք մը մեզի համար. Քրիստոնեաները ճանչցուելու են այն յատկութեամբ որ կը սիրեն նոյնիսկ իրենց թշնամիները։
ԶԱստուած ճանչնալ` կը նշանակէ ընդունիլ ներկայութիւնը անոր որ զիս ստեղծեց, ուզեց զիս այս երկրի վրայ եւ զիս կը խնամէ ամէն վայրկեան մեծ սիրով, կ՛օրհնէ իմ կեանքս ու զայն կը պահէ, իր ձեռքին վրայ բռնած է բոլոր աշխարհը եւ բոլոր իմ սիրելիներս, եւ որ կը սպասէ ինծի անհամբեր կերպով, կ՛ուզէ զիս լիացնել, զիս կատարելութեան հասցնել եւ կը փափաքի զիս պահել միշտ իր մօտ։ Ուստի չի բաւեր միայն գլխու նշանով մը հաւանութիւն տալ իրեն, այլ հարկ է որ քրիստոնեաները որդեգրեն Յիսուսի ապրելակերպը։

Հարցում թիւ 35. Արդեօ՞ք կը հաւատանք մէ՛կ Աստուծոյ թէ երե՛ք աստուածներու։
Կը հաւատանք մէ՛կ Աստուծոյ` երեք անձերու մէջ, զոր կը կոչենք Սուրբ Երրորդութիւն։ Աստուած առանձնութիւն մը չէ այլ կատարեալ հասարակութիւն մը ­ կ՛ըսէ Բենեդիկտոս ԺԶ, իր 22 Մայիս 2005-ի ճառին մէջ։
Քրիստոնեաները իրենց աղօթքները չեն բարձրացներ դէպի երեք տարբեր աստուածներ, այլ միայն մէկ Աստուծոյ, որ կը յայտնուի որպէս Երրորդութիւն, մնալով հանդերձ մէկ ու միակ։ Թէ Աստուած Երրորդութիւն է, մեզի յայտնի է Յիսուս­Քրիստոսի միջոցաւ. Ինք` Որդին, կը խօսի իր Հօր մասին որ երկինքն է (Ես եւ Հայրս մէկ ենք, Յովհ. 10,30)։ Կ՛աղօթէ իր Հօր, խնդրելով որ ուղարկէ Սուրբ Հոգին, որ կ՛անձնաւորէ սէրը Հօր եւ Որդւոյ միջեւ։ Ի վերջոյ մենք ամէնքս մկրտուած ենք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ (Մատթ. 28,19)։







All the contents on this site are copyrighted ©.