2013-11-16 12:00:02

Զրոյց Տասներկրորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (3)


Հարցում թիւ 36. Կարելի՞ է արդեօք տրամաբանական պատճառաբանութեամբ եզրակացնել թէ Աստուած Երրորդութիւն է։
Ո՛չ, կարելի չէ՛. Սուրբ Երրորդութիւնը խորհուրդ մըն է, չենք կարող զայն ճանչնալ եթէ ոչ Քրիստոսի միջոցաւ։
Մարդիկ` օգտագործելով մի միայն իրենց իմացականութեան տուեալները, չեն կրնար հասնիլ Սուրբ Երրորդութեան գոյութիւնն ապացուցանելու. Սակայն այս խորհուրդը մեր խելքին տրամաբանական կը թուի երբ կ՛ընդունինք աստուածային յայտնութիւնը, որ կը հասնի մեզի Քրիստոսի միջոցաւ։ Ստոյգ է որ եթէ Աստուած առանձին է ու մեկուսացած, չի կրնար յաւիտեանս սիրել։ Լուսաւորուած Յիսուսի խօսքերով` մենք կը գտնենք հետքեր Աստուծոյ երրեակ անձնաւորութեան արդէն իսկ Հին Կտակարանի մէջ (Տես զոր օրինակ` Ծննդոց 1,2. 18,2. 2 Սամուէլ 23,2) եւ նոյնիսկ բոլոր ստեղծագործութեան մէջ։

Հարցում թիւ 37. Ի՞նչպէս Աստուած ՙՀայրՙ է։
Աստուած յարգուած է որպէս Հայր, նախ եւ առաջ որովհետեւ Ստեղծիչ է, եւ սիրով հոգ կը տանի իր արարածներուն։ Յիսուս` Աստուծոյ Որդին, մեզի սորվեցուց թէ կարող ենք իր Հայրը նկատել նաեւ որպէս մեր Հայրը, եւ կրնանք իրեն դիմել զինք կոչելով Հայր մեր։
Զանազան նախա­քրիստոնէական կրօններ արդէն կը նկատեն զԱստուած որպէս Հայր։ Իսրայէլի մէջ, Յիսուսէն առաջ` Աստուծոյ կ՛ուղղէին իրենց աղօթքները, զինք կոչելով Հայր (Բ. Օրէնք 32,6. Մաղաքիա 2,10) գիտնալով թէ ան նաեւ Մայր է (Եսայի 66,13)։ Մարդկային փորձառութեան համաձայն` հայրն ու մայրը կը ներկայացնեն ծագումը եւ իշխանութիւնը, այն ինչ որ կը պատսպարէ եւ նեցուկ կը հանդիսանայ։ Յիսուս­Քրիստոս մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Աստուած իրապէս Հայր է. Այն որ զիս կը տեսնէ, Հայրը կը տեսնէ (Յովհաննէս 14,9)։ Անառակ որդւոյն առակին մէջ, Յիսուս կը յայտաբերէ մարդկային ամենախոր ձգտումները դէպի ողորմած Հայր մը։

Հարցում թիւ 38. Ո՞վ է Սուրբ Հոգին։
Սուրբ Հոգին Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ անձն է. Ան Աստուած է եւ Հօր ու Որդւոյն հետ` կը մասնակցի նոյն աստուածային վսեմութեան։
Երբ Աստուծոյ իրականութիւնը կը յայտնուի մեր մէջ, Սուրբ Հոգւոյ ազդեցութեան տակ ենք. Աստուած ղրկեց իր Որդւոյն Հոգին մեր սրտերուն մէջ (Գաղատացւոց 4,6), որպէսզի մեզ լիապէս բաւարարէ։ Սուրբ Հոգւոյն մէջ` քրիստոնեան կը գտնէ խորին ուրախութիւն մը, ներքին խաղաղութիւն եւ ազատութիւն։ Հոգին զոր ընդունեցաք ձեզ չի դարձներ գերիներ, որոնք տակաւին վախի մէջ են. Հոգի մըն է որ ձեզ կը դարձնէ որդիներ. Ու մղուած այս Հոգիէն, մենք կ՛աղաղակենք դէպի Հայրը, զինք կոչելով Աբբա (Հռոմայեցւոց 8,15)։ Սուրբ Հոգւոյն ուժով` զորս ընդունեցանք մկրտութեան եւ դրոշմի ժամանակ, կրնանք զԱստուած կոչել. Հայր։








All the contents on this site are copyrighted ©.