2013-11-16 12:28:40

Զրոյց Տասն­չորրորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (5)


Հարցում թիւ 42. Կարելի՞ է արդեօք ըլլալ բնաշրջումի (Evoluzione) օրէնքի համոզեալ կողմնակից ու միեւնոյն ատեն հաւատալ ստեղծագործութեան։
Այո, կարելի է. Հաւատքը կրնայ ընդգրկել գիտական փնտռտուքի բոլոր վարկածները։
Աստուածաբանութիւնը գիտական ձեռնհասութիւն չունի. Նոյնպէս ալ` գիտութիւնը աստուածաբանական ձեռնհասութիւն չունի։ Գիտութիւնը չի կրնար բացարձակ կերպով մերժել նպատակակէտի մը գոյութիւնը ստեղծագործութեան ընթացքի իրագործման մէջ. Փոխադարձաբար` հաւատքը եւս չի կրնար սահմանել թէ ինչ ձեւի կ՛իրագործուին իրականութեան մէջ` բնաշրջումի հանգրուաննները։ Քրիստոնեան կրնայ ընդունիլ բնաշրջումի գիտական տեսութիւնը, որպէս բացատրողական օգտակար տեսութիւն մը, զգոյշ ըլլալով սակայն որ չիյնայ բնաշրջական գաղափարաբանութեան սխալմունքին մէջ, որ մարդկային անձը կը նկատէ որպէս արդիւնքը դիպուածի մը, որ կը յառաջանայ կենսաբանութեան յառաջխաղացումէն։ Բնաշրջման տեսութիւնը որպէս նախնական սկզբունք կ՛ընդունի որ ՙբան մըՙ գոյութիւն ունի, եւ որ կը յեղաշրջուի, սակայն չ՛ըսեր թէ ուսկից կու գայ այս բանը։ Կարելի չէ պատասխանել գիտականօրէն այն հարցերուն որոնք կը հային գոյութեան, անհատին, արժանապատուութեան, առաքելութեան, իմաստին թէ ինչու գոյութիւն ունին աշխարհը, մարդիկը։ Ինչպէս որ գաղափարական բնաշրջապաշտութիւնը ոմանց մօտ, նոյնպէս ալ ստեղծապաշտութիւնը` ուրիշներու մօտ, զանցառու կ՛ըլլայ անցնելով ընդունելիին սահմանները. Ստեղծապաշտները միամիտ կերպով կը հաւատան տառացիօրէն Սուրբ Գրքի մէջ նշուած թիւերուն ու թուականներուն. (զոր օրինակ` աշխարհի տարիքը կամ ստեղծագործութիւնը վեց օրուայ ընթացքը)։

Հարցում թիւ 43. Արդեօ՞ք աշխարհը դիպուածի արդիւնք է։
Ո՛չ. Աստուած է որ սկիզբ տուած է աշխարհի եւ ոչ թէ դիպուածը. Ո՛չ իր ծագումին, ո՛չ իր ներքին կարգ կանոնին եւ ո՛չ ալ իր նպատակակէտին մէջ` աշխարհը արդիւնքը չէ ուժերու որոնք առանց ուղղութեան կը գործեն։
Քրիստոնեաները ստեղծագործութիւնը կը սեպեն որպէս Աստուծոյ ձեռագիրը. Իսկ գիտնականներուն որոնք տիեզերքի ամբողջութիւնը կը նկատեն որպէս դիպուածի արդիւնք` առանց ոչ իմաստի եւ ոչ ալ նպատակի, Յովհաննէս­Պօղոս Բ. Պապը կը պատասխանէր 1985 թուին, հետեւեալ խօսքերով. ՙԴիպուած նկատել տիեզերք մը, որ այնքան բարդ կազմակերպութիւն մը կը ներկայացնէ իր բաղադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ սքանչելի նպատակակէտ մը իր կեանքին մէջ, կը նշանակէ հրաժարիլ փնտռելէ բացատրութիւն մը աշխարհին` այնպէս ինչպէս ան կ՛երեւի մեր աչքին։ Իրականին մէջ` ասիկա հաւասար պիտի ըլլար ընդունելու արդիւնքը առանց հարց տալու անոր պատճառին մասին. հրաժարում մըն է մարդկային իմացականութեան, որ կը մերժէ մտածելու եւ փնտռելու լուծում մը իր հարցերուն։ՙ

Հարցում թիւ 44. Ո՞վ ստեղծեց աշխարհը։
Միայն Աստուած, որ կը գերազանցէ միջոցն ու ժամանակը. ան ստեղծեց աշխարհը ոչինչէն եւ կոչեց բոլոր արարծները կեանքի։ Այն ինչ որ գոյութիւն ունի, կախում ունի Աստուծմէ ու գոյութիւն ունի որովհետեւ Աստուած իրեն տուած է կեանք։
Աշխարհի ստեղծումը կերպով մը միասնական գործն է Ամենասուրբ Երրորդութեան։ Ամենակալ Հայրն է Ստեղծողը. Որդին իմաստ կու տայ աշխարհին, անոր սիրտն է, Ամէն ինչ ստեղծուեցաւ իր միջոջաւ եւ իրեն համար (Կողոսացւոց 1,16). Միայն սորվելով ճանչնալ Յիսուսը կրնանք հասկնալ թէ աշխարհը բարի է. Այն ատեն տեղեակ կ՛ըլլանք թէ աշխարհը կը յառաջանայ դէպի իր նպատակը, որ է. Ճշմարտութիւնը, բարութիւնը եւ գեղեցկութիւնը Տիրոջ։ Իսկ Սուրբ Հոգին կ՛ապահովէ այս բոլորի կապը իրար հետ. Հոգին է կենդանարար (Յովհաննէս 6,63)։








All the contents on this site are copyrighted ©.