2013-11-16 11:22:15

«Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» նորատիպին ներկայացումը


Ուրբաթ, 15 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» խորագրով՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին սեպտեմբեր 2012-ին Լիբանան այցելութեան նուիրուած նորատիպին ներկայացումը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ զօրավար Միշէլ Սլէյման, Առաքելական նուիրակ՝ մոնսինիոր Կապրիէլ Քաչչիա, կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները, որոնց շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը:

Առաքելական նուիրակը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր լիբանանցիներուն իրենց ջերմ ընդունելութեան համար՝ Սրբազան Հօր պատմական այցելութեան ընթացքին: Ան նշեց թէ այս այցելութեան ընթացքին լիբանանցիներուն ցուցաբերած միասնականութիւնը պարզեց Լիբանանի վսեմ առաքելութիւնը ի սպաս իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութեան ու համակեցութեան, ինչպէս նաեւ անոնց կառչումը երկխօսութեան ու ազատութեան մշակոյթին: Ան ողջունեց նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ տարբեր համայնքները, որոնք ցոյց տուին իրենց վկայութեամբ թէ Քրիստոսի առաքելութիւնը հաստատ կը մնայ Արեւելքի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.