2013-11-15 09:46:36

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


''Անձնասիրութիւն, անտարբերութիւն եւ փառասիրութիւն''

Շատ են կեանքի մէջ պատահարներ որոնց ընթացքին տուժողները միշտ ամենէն ծանր բեռը կը կրեն, իսկ դէպքը հեռուէն դիտողներու համար այնքան ալ ցաւալի չի թուիր պատահածը։
Մեր բարեկամներէն մէկը կը պատմէ թէ օր մը իր աչքին առջեւ մէկու մը ինքնաշարժը կը բռնկի՝՝։ Ինքնաշարժին տէրը շփոթած՝ չէր գիտեր ինչ միջոցի դիմել կրակը մարելու համար։ Ոմանք կը փորձէին օգտակար հանդիսանալ դոյլերով ջուր թափելով ինքնաշարժին վրայ. ուրիշներ բջիջային հեռաձայններով դէպքէն շարժանկար կ՝արձանագրէին։
Անոնք ո՛չ հեռատեսիլի թղթակիցներ էին, ո՛չ ալ մամուլի հետ որեւէ առնչութիւն ունէին, այլ պարզ անցորդներ էին: Բայց այդ պահուն, ՜՜հաճոյքը՝՝ կ՛ապրէին ինքնաշարժի այրումին, որ ուրիշին համար՝ տարիներու քրտնաթոր աշխատանքի արդիւնք էր: Այս ինքնակոչ նկարիչներուն համար այդ ինքնաշարժի սեփականատիրոջ զգացած վախը, ապրած տագնապը, թափած ջանքը, նոյնիսկ ապրած անյուսութիւնը, իրենց անպաշտօն ու անվերնագիր ժապաւէնին համար սքանչելի նիւթեր էին, որոնք քիչ ետք հաճոյքով պիտի դիտէին, կամ նոյն հաճոյքով ալ պիտի ցոյց տային ուրիշներուն:
Ուրիշին ցաւին նկատմամբ այս անտարբերութիւնը, բնական ընթացքով մարդը կ՛առաջնորդէ անձնասիրութեան, որուն հետեւանքը բարի չի՛ կրնար ըլլալ բնա՛ւ, երբե՛ք: Անձնասիրութիւնը մինչեւ որոշ աստիճան, նոյնիսկ գնահատելի երեւոյթ է, եւ մեր անձին նկատմամբ հոգածութիւն, բծախնդրութիւն կը նկատուի:
Ուրիշին ցաւին իսկապէս ցաւակից մարդու շատ քիչ կարելի է հանդիպիլ: Միշտ ՜՜մորթի վրայ զգալու՝՝ դժուարութիւնը ունի մարդ, երբ ցաւը իրեն, կամ իր շրջապատին չի՛ վերաբերիր:
Կը պատմուի թէ քաղաքին շուկան հրդեհ կ՛իյնայ: Բոլորը կը վազեն այդ ուղղութեամբ, մանաւանդ անոնք որոնք խանութ ունէին հանրայայտ այդ շուկային մէջ: Մէկը իր ամուսինը տեսնելու կը փութար, անոր ողջ ու առողջ ըլլալը ստուգելու, մէկ ուրիշը իր խանութին վնասէ զերծ ըլլալը ստուգած, դրացիին խանութը փրկելու նպատակով դոյլերը ջուրով լեցուցած կը վազէր դէպի շուկայ: Մէկ խօսքով, ամբողջ քաղաքը տագնապ կ՛ապրէր, մէկ վայրկեանէն միւսը շուկային մոխրացումի ահազանգին դիմաց: Նոյն քաղաքին մէջ, իր անձնասիրութեամբ հռչակ շահած մէկը, պատշգամին կանգնած, զարմանքով կը դիտէր դէպի շուկային կողմը վազողները: Հեռուէն կը նշմարէր նաեւ այն մուգ ծուխը, որ կը բարձրանար ու կ՛ամպանար գրեթէ ամբողջ քաղաքին վերեւ: Տեսնելով իր ծանօթներէն մէկը, որ այդ ուղղութեամբ կը վազէր առանց աջ ու ձախ նայելու, ձայն տուաւ անոր ըսելով՝ թէ ի՞նչ կայ այդտեղ: Դրացին, տագնապահար մարդու ամբողջ վրդովումով պատասխանեց, թէ շուկան հրդեհ ինկած է, եւ ամէն մարդ կը ջանայ օգտակար հանդիսանալ, որպէսզի կրակը չտարածուի, եւ կարելի եղածին չափ քիչ վնաս պատճառէ ժողովուրդին: Իր տան պատշգամին վրայ կանգնած անձնասէրը, նոյնքան ալ անտարբերութեամբ իր ծանօթին կ՛ապսպրէ ըսելով.
_ Քանի որ շուկայի կողմը կ՛երթաս, ինծի թաշկինակ բեր վերադարձիդ:
Կան արդեօ՞ք այսպիսի մարդիկ...
Այո՛, կա՛ն նման սառնասրտութեամբ մարդիկ, որոնց համար ամբողջ աշխարհին կրակով վառուիլը նշանակութիւն չունի, եթէ անոր այրող բոցերը իրենց գլխու մազերուն չեն հասած տակաւին: Իսկ իրենք իրենց չնչին կարիքը՝ թաշկինակ, կը ջանան ճի՛շդ ժամուն ապահովել, այն ալ՝ ուրիշի՛ն ձեռքով, եւ ամէնէն հետաքրքրականը՝ բռնկած շուկայի՛ն մէջէն…:
«Ինծի թաշկինակ բեր» ըսող անտարբերները անշուշտ կ՛ունենան պահեր, երբ կրակը իրենց գլխուն ալ կը հասնի: Տարօրինակ երեւոյթը այն է, որ այդպիսիներ երբ տագնապի մատնուին, կ՛ուզեն որ ամբողջ աշխարհ իրենցմով զբաղի, իրենց շուրջը հաւաքուի, բաժնեցկի իրենց ցաւն ու վիշտը: Մէկ խօսքով, իրենց ըրածին ճիշդ հակառակը կ՛ակնկալեն ուրիշներէ:
Աւետարանին մէջ Յիսուս կ՝ըսէ ՜՜Ինչ որ կ՛ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյն ըրէք դուք անոնց՝՝ (Հմմտ Մտ 7.12):
Շուկային բռնկած ժամանակ «ինծի թաշկինակ բեր» ըսողին ձեռքը դոյլի ջուրը պէտք է տալ, եւ ստիպել որ օգտակար հանդիսանայ, փրկարար հաւաքական աշխատանքին, միշտ յիշեցնելով անոր, թէ կրնայ գալ այն օրը, երբ ի՛նք կարիքը կ՛ունենայ ուրիշներու օժանդակութեան: Այսինքն՝ երբ կրակը ո՛չ միայն իր տան, այլ՝ իր մարմինին հասած ըլլայ: Մի՛շտ օգնէ, որպէսզի ճի՛շդ պահուն օգնութիւն ստանաս:
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.