2013-11-15 10:35:27

Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կ’օգտագործուի իբրեւ մարզասրահ


Արեւմտեան Հայաստանի Կեսարիա քաղաքի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին մօտ 40 տարիէ կ’օգտագործուի իբրեւ մարզասրահ:
Ըստ «Երկիր»-ի, Agos.com-ը կը յայտնէ, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն մասին հանրութեան տեղեկացնելու համար տեղադրուած պաստառը դժգոհութիւններ յառաջացուցած է:
Ըստ «Kayseri olay» թերթին` «եկեղեցիի վերանորոգում» պաստառին շուրջ քննադատութիւններուն պատճառով քաղաքապետարանը փոխած է զայն «մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի աշխատանքներ» պաստառով:
Այս թեմային վերաբերեալ «Ակօս» պարբերականին հետ զրուցած է Կեսարիոյ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներէն Համտի Էլճումանը:
«Իբրեւ մարզասրահ օգտագործուող Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին վերանորոգումէն ետք պիտի դառնայ մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոն: Քանի որ եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը կը պատկանի հայու, այդ պատճառով վերանորոգման համար Պոլիսէն հայ ճարտարապետի մը հետ պայմանաւորուած ենք»,- ըսած է Էլճումանը:
Նշենք, որ 2008 թուականին Կեսարիոյ մէջ դարձեալ նման դէպք մը պատահած էր. «Անատոլիա» վաւերագրական շարժանկարի նկարահանումներուն համար Կեսարիա ժամանած շարժանկարին աշխատակազմը պատմական Կեսարիա ամրոցին վրայ խաչով դրօշ ծածանած էր` ի նշան անոր բիւզանդական ըլլալուն: Բողոքներու հետեւանքով խաչով դրօշը իջեցուցած էին, եւ շարժանկարի աշխատակազմը լքած էր Կեսարիան:







All the contents on this site are copyrighted ©.