Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչները։
Հինգշաբթի 14 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Աւետարանական
Համայնքի ներկայացուցիչներ Վեր. Հապիպ Պատր եւ Վեր. Դոկտ. Ժորժ Սապրա: Այցելութեան
հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել հրապարակային դասախօսութիւն մը տալու
Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ, «Միջ–եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած
մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ
համայնքին եւ Աւետարանական համայնքին միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութեան
ու սերտ գործակցութեան: Վեհափառ Հայրապետը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց Դոկտ. Սապրային,
որ միաժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի Նախագահն է, յիշեալ համալսարանի
ունեցած կարեւոր դերին, յատկապէս աստուածաբանական կազմաւորման ծիրէն ներս: Յայտնենք,
որ Վեհափառ Հայրապետը անցեալին ուսանած է նոյն համալսարանին մէջ, եւ մինչեւ այսօր Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ հերթաբար դասընթացքներու կը հետեւին կրթական
նոյն կառոյցէն ներս: