2013-11-14 14:48:59

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողջոյնի խօսքը՝ Իտալիոյ նախագահական պալատի պաշտօնեաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։


Նորին Սրբութիւնը, հինգշաբթի 14 նոյեմբերին, Իտալիոյ նախագահին կատարած այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցաւ նաեւ պալատին աշխատակազմին հետ անոնց ուղղելով հակիրճ պատգամ մը, որուն մէջ ըսաւ.

''Ուրախ եմ նաեւ ձեր հետ հանդիպելուս, դուք որ կը ծառայէք Իտալական կառավարական թիւ մէկ հաստատութեան մէջ։
Կ՛ողջունեմ ձեզի եւ ձեր ընտանիքները եւ կը մախթեմ որ ապրի'ք միշտ ներդաշնակութեան մէջ։

Ձեր աշխատանքի միջոցաւ հաճախ, ծածուկի մէջ գործուած , կը հանդիպիք սովորական կամ արտակարգ դէպքերու որոնք կ՛արձանագրեն այս երկրին ճանապարհը։ Ամէն կառավարական դէպքերուն ներքեւ ընտանիքն ներկայութիւնը բացայայտ է.

Կը մախթեմ որ միշտ ունենաք հիւրասիրութեան եւ ուրիշներուն հանդէպ՝ հասկացողութեան հոգին։

Կը քաջալերեմ ձեզ չվհատիլ դժուարութիւններուն դիմաց եւ միշտ պատրաստ ըլլալ մէկը միւսը օգնելու։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց նախագահական պալատի պաշտօնեաներուն ապահովելով իր աօթքները եւ խնդրելով անոնցմէ որ աղօթեն իրեն ու իրեն յանձնուած Եկեղեցւոյ ծառայութեան առաքելութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.