2013-11-14 09:54:36

Սուրիոյ Քրտական շրջաններուն մէջ ինքնավարութիւն հաստատելու քայլեր


Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13ին հաղորդուեցաւ, թէ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ քիւրտ զինեալները գրաւած են 7 գիւղեր եւս՝ հեռացնելով իսլամ ծայրայեղական զինեալները:
Մէկ օր առաջ, Սուրիոյ քիւրտերու գլխաւոր կուսակցութիւններէն մէկը հանդիսացող Ժողովրդավարական միութեան կուսակցութիւնն ու անոր դաշնակից քաղաքական ուժերը յայտարարած էին ժամանակաւոր կառավարութեան մը կազմութիւնը, որ Սուրիոյ քրտաբնակ շրջանին մէջ ինքնավարութիւն հաստատելու նախաքայլը կը նկատուի, սակայն Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ մօտիկ կապեր ունի հիւսիսային Իրաքի քիւրտերուն հետ, որոշած է չմիանալ այս նախաձեռնութեան:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս եւս յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի՝ Ժընեւի մէջ գումարուելիք խաղաղութան խորհրդաժողովին մասնակցելու որոշումը «քաղաքական լուծում գտնելու կարելիութեան ուղղութեամբ կարեւոր յառաջընթաց մըն է»:
Ֆապիւս ըսաւ, որ Ֆրանսա «ամբողջական կերպով» կը զօրակցի մասնաւորաբար պաշարուած քաղաքներուն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու պահանջներուն:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական մարմինը «Ժընեւ-2»ին մասնակցելու իր որոշումը գործադրէ Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ, ինչպէս սուրիական կառավարութիւնը եւ ընդդիմադիր այլ խմբաւորումներ կը կատարեն՝ առանց նախապայմաններ ճշդելու:
Սուրիական ազատ բանակը, իր կարգին, «Ժընեւ-2»ին մասնակցելու համար ճշդեց նախապայմաններ, որոնց գլխաւորներէն են՝ ամբողջական լիազօրութիւն ունեցող փոխանցման մարմինի մը կազմութիւն եւ սուրիացի ժողովուրդին դէմ ոճիրներ գործողները պատժել: Սուրիական ազատ բանակի նախապայմաններէն մէկն ալ Սուրիայէն «Հըզպալլա»ի զինեալներուն հեռացումն է:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիա սուրիական ընդդիմութեան կազմած փոխանցման կառավարութեան աջակցութեան համար 300 միլիոն տոլար տրամադրած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.