2013-11-14 09:52:11

Մոսկուա կը դատապարտէ Դամասկոսի բնակելի վայրերու ռմբակոծումը


Մոսկուա՝ ակնարկելով Դամասկոսի Պապ Շարքի կամարին մօտ գտնուող Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի դրան առջեւ երկու հրասանդի հրթիռներ արձակելու դէպքին, յայտնեց, որ բուռն կերպով կը դատապարտէ Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններու դէմ «ահաբեկչական» գործողութիւններն ու Դամասկոսի մէջ բնակելի վայրերու ռմբակոծումը։
Յիշեցնենք, որ այդ դէպքին ընթացքին արձանագրուած էին 5 զոհեր, որոնց շարքին էին երկու հայ աշակերտներ՝ Յովհաննէս Աթոքանեան եւ Վանեսա Միխօ Պետրոս, իսկ վիրաւորներուն մէջ նոյնպէս կային քանի մը հայ աշակերտներ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «այս վճռական պահուն ծայրայեղականներու շարժումներուն աշխուժացման նպատակը «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովի պատրաստութեանց արգելակումն է։
Նախարարութիւնը ընդդիմադիր զինեալներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալու կարող բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ ամէն տեսակի բռնարարքներուն վերջ տալու ջանքերուն ծիրին մէջ իրենց դերը կատարել։







All the contents on this site are copyrighted ©.