2013-11-14 12:33:48

Իտալիոյ Նախագահական Պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի արտասանած Ճառը։


Հինգշաբթի 14 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխ այցելութիւն տուաւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Ճորճօ Նափոլիթանոյին, հանդիսանալով 6-րդ Քահանայապետը որ Գուիրինալէի պալատը այցելեց` Իտալիան ''Հանրապետութիւն'' հռչակելէ թուականէն ասդին։

Գուիրնալէի պաշտօնական սրահին մէջ արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահին, անցեալ 8 յունիսին իրեն ուղղած հրաւէրին համար, ու անդրադարցաւ երկու երկիրներու` Իատլիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ տիրող ջերմ յարաբերութիւններուն եւ բարեկամութեան։
''Այցելելով խորհրդանիշերով ու պատմութեամբ լի այս պատմական վայրը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - կ՛ուզեմ իտէալապէս բախել Երկրի ամէն մէկ բնակիչի տունին դուռը, ուրտեղ կը գտնուին նաեւ երկրային ընտանիքիս արմատները, եւ բոլորին փոխանցել Աւետարանի միշտ նորոգուած` ապաքինումի խօսք մը։
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա Վատիկանի եւ Իտալիոյ միջեւ ստորագրուած Լատերանեան Դաշնագիրի մասին ու այդ դաշնագիրի վերատեսութեան համաձայնագիրի մասին որուն` մօտ օրէն, կը նշուի 30 ամեակը։

Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա ներկայ ճգնաժամային մտահոգիչ հարցերուն` ու անոնց լուծման ուղղութեամբ, ճիգերու բազմապատկումի հարկաւորութեան, ակնարկելով Եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտականութեան` որ է ''վկայել Աստուծոյ ողորմութիւնն ու սէրը եւ քաջալերել զօրակցութեան առատաձեռն պատասխանները, ձգտելու համար յուսալից ապագայի մը'', որովհետեւ - աւելցուց Քահանայապետը - հոն ուր կ՛աճի յոյսը, կը բազմապատկուին կորովն ու յանձնառումը, կառուցելու ընկերային եւ քաղաքացիական, արդար ու մարդկայնական կարգ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ականրկեց ապա Իտալիայ կատարած իր հովուական այցելութիւններուն` Լամբետուզա ուր մօտէն հանդիպեցաւ պատերազմի եւ դժբախտութեան պատճառաւ տառապողերուն հետ։ Գալիարի` աղօթելու համար Պոնարիայի Տիրամօր առջեւ եւ Ասսիզի` յարգանք մատուցելու Իտալիոյ Պաշտպան սուրբին որուն անունը կը կրէ։

Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ընտանիքը կը գտնուի յոյսի ու տառապանքի կեդրոնին մէջ եւ թէ վերանորոգ համոզումով Եկեղեցին կը շարունակէ յանձնառումով գործել ընտանիքի ի նպաստ, որ է առաջին վայրը ուր մարդ էակը կը կազմուի։ Ընատնիքը - ըսաւ Քահանայապետը -կարիք ունի կայունութեան եւ ճանաչումի, որպէսզի կարենայ իր անփոխարինելի եւ լիարժէք սատարը մատուցել` իրականացնելու համար իր առաքելութիւնը։

Պարոն Նախագահ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով ճառը - այս առիթով կ՛ուզեմ մաղթանքս յայտնել Իտալիոյ որպէսզի քաղաքացիական եւ հոգեւոր իր հարուստ ժառանգութեան վրայ հիմնուելով, կարենայ վերագտնել ներդաշնակ զարգացում մը, ի սպաս ամէն անհատի արժանաւորութեան եւ հասարակաց բարիքին, ու սատարելու միջազգային ընկերութեան խաղաղութեան եւ արդարութեան։
Սրբազան Հայրը, Նափոլիթանօ նախագահին յայտնեց իր բաձր գնահատանքը ու մաղթեց որ Ան կարենայ իրեն յանձնուած վսեմ պաշտօնի պարտականութիւնը լաւագոյնօրէն կատարել։
Աստուած պաշտպան կանգնի Իտալիոյ ու անոր բոլոր բնակիչներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.