2013-11-14 12:38:11

Իտալիոյ ''Գուիրինալէ''ի նախագահական պալատը


Գուիրինալէ կոչուած Իտալիոյ նախագահական պալատը կը գտնուի ''Գուիրնալէ'' կոչուած Հռոմի 7 բլուրներէն մէկուն վրայ։ Գուիրինալէ պալատին շինարարութիւնը սկիզբ առած են 1583 թուականին։ Ան կը ներակայացնէ Հռոմ մայրաքաղաքի ամենակարեւոր շէնքերէն մին, ըլլայ արուեստական տեսանկիւնէն ըլլայ քաղաքական գետնի վրայ։
Պալատին շինարարական եւ յարդարման գործերով զբաղած են հեղինակաւոր արուեստագէտ իտալացիներ որոնց շարքին Փիէթրօ Տա Քորթօնա եւ Տոմէնիքօ Ֆոնդանա....
Մինչեւ 1870 թուական, Գուրինալէի պալատը հանդիսացած է Հռոմի Քահանայապետներու Ամառնային նստավայր եւ այդ թուականէն ետք դարձաւ Սավոյա արքայական ընտանիքի նստավայր մինչեւ 2 յունիս 1946, երբ Իտալիան` հանրապետութիւն հռչակուեցաւ ու պալատը դարձաւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին նստավայրը։
Ներկայիս Գուիրինալէ պալատին մէջ կը բնակի Իտալիոյ նախագահը Ճորճօ Նափոլիթանոն, Ան ընտրուած է Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ 15 Մայիս 2006-ին ու ապա վերընտրուած 22 Ապրիլ 2013-ին։ Իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին Ճորճօ Նափոլիթանոն ընդունած է երկու քահանայապետներ` Պենետիկտոս ԺԶ-ը 2008-ին եւ 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.