2013-11-13 08:36:18

Ուքրանիայի կաթողիկէ եկեղեցին կ'ապրի զարթօնքի նոր դարաշրջան մը։


''Համայնավարութեան անկումով Ուքրանիայի կաթողիկէ եկեղեցին կ'ապրի իր նոր վերածնունդը'' կը հաստատէ գերապայծառ Պորիս Կուծիակ` առաջնորդը Փարիզի կաթողիկէ Ուքրանացի հաւատացեալներուն։ Ան` մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, կը մատնանշէ որ ներկայիս Ուքրանիայի կաթողիկէ եկեղեցին կը հաշուէ շուրջ վեց միլիոն հաւատացեալներ, ունի շուրջ երեք հազար քահանաներ ու քահանայութեան պատրաստուող աւելի քան 800 թեկնածուներ։ Իր վերագրանցումէն սկսեալ (1989-ին) Եկեղեցին նոր վերազարթօնք մը կ'ապրի։ Ան համայնավարութեան դաժան տարիներու կրեց հարստահարում եւ հալածանք, զոհելով մեծ թիւով նահատակներ ։
Ուկնարիոյ եկեղեցին` 1946-ին, Ստալինի կողմէ պարտադրաբար կցուեցաւ օրթոտոքս եկեղեցւոյ։ Գերապայծառ Պորիս Կուծիակի գնահատումով Ուքրանիոյ կաթողիկէ Եկեղեցին կը սատարէ մարդկայնացնել ընկերութիւնը եւ աշխատասիրել քրիստոնէական նոր համադրութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.