2013-11-13 11:01:40

Ուքրանական «Նաւթոկազ»-ը դադրած Է «Կազփրոմ»-էն Ռուսական կազ գնելէ


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վառելիք ուժանիւթի համալիրի կեդրոնական վարչութիւնը երկուշաբթի օր յայտնած է, որ ուքրանական «Նաւթոկազ» ընկերութիւնը անցեալ ուրբաթ օր ռուսական «Կազփրոմ»-էն կազի գնումը ամբողջովին դադրեցուցած է։ Միեւնոյն ժամանակ, Ուքրանիոյ ուժանիւթի եւ ածխային արդիւնաբերութեան նախարար Էտուարտ Սթաւիցքի յայտնած է, որ «Նաւթոկազ»-ը ամբողջութեամբ մարած է իր պարտքերը «Կազփրոմ»-ին՝ հոկտեմբերին մատակարարուած բնական կազին դիմաց







All the contents on this site are copyrighted ©.