2013-11-13 11:01:53

Մէկ շաբաթէ ի վեր Հալէպ քաղաքը բացարձակպէս ո'չ ջուր ունի ո'չ ելեքտրականութիւն։


Քաղաքը կ'ապրի մարդկային ողբերգութիւն մը։

Հալէպ քաղաքը, շաբաթէ ի վեր, թերեւս կ'ապրի իր պատմութեան
ամենադժբախտ օրերը։ Քաղաքը հիմնովին զրկուած է թէ' ելեքտրականութեան, թէ' ըմպելի ջուրէ։ Նոյեմբեր 7-էն սկսեալ, առ այսօր, պատերազմական դէպքերու
բերումով արդէն իսկ վիրաւոր ու կիսաքանդ քաղաքը չ՚ ունի ո'չ շող մը ելեքտրական
հոսանք, ո'չ ալ կաթիլ մը ըմպելի ջուր... Օրական 24 ժամ՝ խաւար ու երաշտ...
Այս ողբերգական պայմաններուն մէջ, դիւրին է երեւակայել, թէ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ ջուր
կ ՚ապահովեն ՝ թրջելու համար չորնալ սկսող իրենց շրթունքները, կամ մաքրելու իրենց
խոհանոցը...
Մարդկային նմանօրինակ անիրաւութիւն մը եթէ պատահէր Փարիզի, Պրազիլի, Լոնտոնի, կամ Թոքիոյի մէջ՝ ամբողջ աշխարհ պիտի ընդվզէր։
Միջազգային լրատու գործակալութիւնները իրենց առաջին լուրը պիտի դարձնէին
ամբողջ ժողովուրդ մը կեանքի լուսանցքին նետող այսպիսի վիճակ մը։ Բայց, Հալէպի ողբերգութեան մասին ո'չ ոք կը խօսի, աշխարհ խուլ կը ձեւանայ...։








All the contents on this site are copyrighted ©.