2013-11-13 08:48:40

Երէկուան (12/11) օրը սեւ տառերով կ'արձանագրուի Դամասկոսի Հայ համայնքի տարեգրութեան մէջ։


Դամասկոսի Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի նախանցեալ օրուան դէպքին լրատուութեան՝ չորս զոհուած աշակերտներէն երկուքը հայ են՝ Յովհաննէս Աթոքանեան (առաջին դասարան) եւ Վանեսա Միխօ Պետրոս (երկրորդ դասարան):
Սուրիական լրատուամիջոցները անդրադարձան Դամասկոսի մէջ երկուշաբթի, 11 նոյեմբերին Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի ողբերգութեան. երեք պաշտօնական պատկերասփիւռի կայանները նկարահանեցին վիրաւորներու պարագաները, ինչպէս նաեւ կարճ հարցազրոյցներ կատարեցին Արմաշ եպս. Նալպանտեանի եւ Ճեմարանի հոգաբարձութեան ատենապետին հետ:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ նոյն օրը երեկոյեան Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաար՝ ընկերակցութեամբ Դամասկոսի նահանգապետ Պշըր Սապպանի այցելեց Թարգմանչաց ճեմարանը՝ Քասսա եւ Պապ Շարքի շրջաններուն մէջ դէպքի վայրերը այցելութեան շրջագիծին մէջ։
Իսկ երեքշաբթի օր Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երկու հայ աշակերտներուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն մասին սուրիական պատկերասփիւռի կայանները նոյնպէս անդրադարձան: Ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, դամասկահայեր եւ հոծ բազմութիւն մը։ Յուղարկաւորութեան արարողութեան խօսք առին Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի խօսքը փոխանցեց, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդ գերապայծառ Յովսէփ Առնաութեան, ինչպէս նաեւ ճեմարանի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յարութիւն Գրիգորեան եւ Ճեմարանի պետական տնօրէնուհին:
Ճեմարանի զոհերու հոգւոյն կիրակի, 17 նոյեմբեր 2013-ին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.