2013-11-13 11:59:04

Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները։


Կիրակի, 10 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Անթիլիասի մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը՝ ուսուցչական կազմին հետ միասին։ Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու կաթողիկոսարանի կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան։
Անթիլիասի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին եւ վեհափառ հայրապետին ծաղկեփունջ մը նուիրեցին։
Ապա վեհափառ հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով հայ մանուկները, որոնք առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագին մասնակցած էին՝ նշելով. «Ուրախ եմ տեսնելով ձեզ, սիրելի՛ մանուկներ, որ փոխանակ կիրակի օրերը ձեր ժամանակը տունին մէջ կամ ուրիշ տեղ անցընելու, եկած էք Կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքով եւ հայ արժէքներով ու աւանդութիւններով մեծնաք»։ Իր խօսքը ծնողներուն ուղղելով վեհափառ հայրապետը գնահատեց զանոնք, որ իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ վարժարան կը ղրկեն, որպէսզի հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորում ստանան։ Վերջաւորութեան վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով գնահատեց Անթիլիասի Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհին եւ ուսուցչական կազմը, որոնք առօրեայ զբաղումներն ու մտահոգութիւնները մէկդի ձգած, անձնուիրութեամբ ու մեծ սիրով յանձն առած են հայ մանուկներուն հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն ջամբել։








All the contents on this site are copyrighted ©.