2013-11-12 09:11:38

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը եւ կատարելու հաւասարութիւն պարտադրող երեսփոխանական ընտրութիւններ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի 47-րդ ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պքերքէի մէջ։
Իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը ընդգծեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը անձեռնմխելի պահելու եւ պետական հաստատութիւններուն իշխանութիւնը կարգաւորելու կարեւորութիւնը։
«Ազգային պարտականութիւնը կ՛ենթադրէ անխոնջ եւ պատասխանատու աշխատանք տանիլ՝ երկրին քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներուն ելք մը գտնելու, ներքին լիբանանեան տարակարծութիւնները լուծելու եւ ապահովական վտանգներուն վերջ մը դնելու համար», ըսաւ ան։
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը եւ կատարելու հաւասարութիւն պարտադրող ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող երեսփոխանական ընտրութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.