2013-11-12 11:59:51

Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը ամերիկացի եպիսկոպոսներուն կը յիշեցնէ որ Եկեղեցին տակաւին չէ վաւերացուցած Մեճուկորիի Տիրամօր երեւումները։


''Ամերիկացի եպիսկոպոսները կանչուած են վերապահութեան''։

Գերապայծառ Լուտվիկ Կերարտ Միւլեր` Հաւատոյ Ժողովին կառավարիչը, հրաւէր ուղղած է ԱՄՆի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու հաւատացեալներուն ուխտագնացութիւններ ու հաւաքներ չի կազմակերելու Մեճուկորիի Տիրամօր կոչուած սրբավայր, քանի այդ կարծեցեալ երեւումները տակաւին չեն ճանչցուած ու վաւերացուած ընդհանրական Եկեղեցիէն։
Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը ի լուր ԱՄՆի զանազան թեմերու մէջ կազմակերպուած դասխաօսութիւններու շարքին, Մեճուկորիի Տիրամօր երեւումներու մասին, խոհեմութեան կը հրաւիրէ Ամերիկայի Եկեղեցին նման նախաձեռնութիւններէ։ Ան կը մատնանշէ որ Եուկոզլավիոյ եպիսկոպոսները 1991-ին, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հաստատած են որ, ցայժմ կատարուած փնտռտուքներու լոյսով, կարելի չէ հաստատել երեւումներու ստուգութիւնը։
2010-ին Վատիկանը միջազգային յանձնախումբ մը հաստատած է, կարտինալ Ռուինիի գլխաւորութեամբ, քննարկելու Մեճուկորիի Տիրամօր երեւումները։
Յայտնենք որ Մեճուկորիի երեւումներու վայրը կը գտնուի Պոզնիայի Մոսդար քաղաքէն 25 քլմդր. հեռաւորութեան վրայ։ 1981-էն ցայսօր կը թուի որ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը շուրջ 10 անձրու երեւցած է։
Մոսդար թեմի իրարայաջորդ եպիսկոպոսները բնաւ չեն ճանչցած երեւումնրը եւ սակայն պէտք է ըսել որ ամէն տարի շուրջ երկու միլիոն անհատներ կ'այցելեն Մեճուկորիի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.