2013-11-12 13:14:32

Իրաքի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները կ'օժանդակեն քրիստոնեաներու արտագաղթին։


''Գաղտիացիներու Պատրիարքին գնահատումով ''այս երեւոյթը վտանգի կը մատնէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայութիւնը''։

Իրաքի մէջ օտար դեսպաններն ու հիւպատոսները կը դիւրնցնեն քաղաքական ապաստանի անցգիրը Իրաքի քրիստոնեաներուն։ Այս երեւոյթը, որ կը քաջալերէ քրիստոնեաներու հեռացումը մայր հայրենիքէն, գաղտիացի պատրիարքի կողմէն դատապարտուեցաւ։ Գերերջանիկ Սաքոյ Պատրիարքի գնահատումով նման արարք մը վտանգի կը մատնէ քրիստոնեայ հասարակութիւններու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ։Ան կ'ուզէ այս հարցը քննարկել Արեւելքի բոլոր հասարակութիւններու Պատրիարքներու հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.