2013-11-12 09:14:44

«Սուրիական ընդդիմութեան «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու համաձայն գտնուիլը դէպի յառաջ մեծ քայլ մըն է» ըսաւ Քերրի


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը Սուրիոյ տագնապի լուծման «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելու առումով սկզբունքային որոշում տուած է։
Համաձայնական մարմինին մէջ ձեռք բերուած որոշումին համաձայն, «Ժընեւ-2»-ի մասնակիցները պէտք է ապահովեն մարդասիրական օժանդակութեան հասանելիութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը։
Ազգային համաձայնական մարմինի յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի արդիւնքը Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը պէտք է ըլլայ։
Համաձայնական մարմինի յայտարարութիւնը կը նշէ, որ մարմինը իրաւասու է խորհրդաժողովին շուրջ բանակցութիւններ կատարելու ընդդիմադիր խմբաւորումներուն հետ, որոնք կը պայքարին Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ապու Տապիի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «բանակցութիւնը սուրիական տագնապի լուծման միակ միջոցն է»։
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու առումով համաձայն գտնուիլը դէպի յառաջ մեծ քայլ մըն է»։








All the contents on this site are copyrighted ©.