2013-11-11 13:22:47

Ով որ չ'ապաշխարէ եւ ինքզինք քրիստոնեայ ձեւացնէ, Եկեղեցւոյ մեծ վնաս կը հասցնէ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը


Երկուշաբթի 11 նոյեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած ս. պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ''այն անձը որ չ՛ապաշխարէր եւ ինքզինք քրիստոնեայ կը ձեւացնէ, Եկեղեցւոյ մեծ վնաս կը հասցնէ։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց նաեւ թէ ամէնքս ընդունելու ենք թէ մեղաւորներ ենք եւ ուշադրութիւն ընելու ենք կաշառառու դառնալէ։ Ով որ Եկեղեցւոյ բարերարութիւն կ՛ընէ եւ կառավարութեան դրամը կը գողնայ անարդար մըն է, ու երկդիմի կեանք մը կ՛ապրի։ Սրբազան Հայրը հուսկ ըսաւ` Յիսուս երբեք չի հոգնիր ''ներելէ'' եւ կը խրատէ մեզի նոյնը ընել։ Ով որ մեղք կը գործէ ու ապա կը զղջայ եւ իր մեղքերուն համար քաւութիւն կը խնդրէ, ինքզինք Աստուծոյ զաւակ կը նկատէ իսկ այն որ գայթակղութեան պատճառ կը դառնայ ու կը շարունակէ մեղանչել, երկդիմի կեանք մը ապրելով, մեծ վնաս կը հասցնէ Եկեղեցւոյ։ Ասոր համար - յարեց Սրբազան Հայրը մէջբերելով Յիսուսի խօսքերը` ''աւելի լաւ է եթէ վիզէն երկանաքար մը կախեն եւ ծով նետեն, քան այս փոքրիկներէն մէկուն գայթակղութիւն տայ։
Մենք ընդունելու ենք որ մեղաւոր ենք բայց ոչ կաշառառուներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւն եզրափակելով քարոզը`- հայցենք Սուրբ Հոգիէն որ մեզի պարգեւէ խաբէութենէն խուսափելու շնորհքը, եւ շնորհքը` գիտակցելու մեր մեղաւոր վիճակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.