2013-11-11 12:09:28

Հրեշտակապետերու Գաբրիէլի եւ Միքայէլի Եւ Ողջ Երկնային Զօրքի Յիշատակութեան Օր:


Նոյեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ Շաբաթ օրը, Հայց. Եկեղեցին կը յիշատակէ հրեշտակապետեր Գաբրիէլի եւ Միքայէլի տօնը:
Հրեշտակ կը նշանակէ պատգամաւոր, առաքեալ՝ «ղրկուած»: Նախապէս անոր կը տրուէր երկնային դեսպան, պատգամաւոր, եւ կամ սուրհանդակ նշանակութիւնը: Աստուածաշունչը կը վկայէ որ հրեշտակները իբրեւ լուսեղէն՝ ստեղծուած են առաջին օրը, լոյսի հետ միասին: Անոնք ժամանակի ներգործութենէն չեն ազդուիր եւ
սեռային յատկանիշներ չունին:
Հայ եկեղեցւոյ հրեշտակաբանութեան համաձայն՝ հրեշտակները անմարմին հոգիներ են. ըմբռնելի, ինքնիշխան, միշտ շարժման մէջ եղող եւ անսեռ: Անոնք անմահ սպասաւորներ են:
Ըստ եկեղեցւոյ Սուրբ հայրերուն՝ հրեշտակները իբրեւ լուսեղէն էակներ, ստեղծուած են արարչագործութեան առաջին օրը՝ լոյսի հետ միասին: Աստուծոյ հրահանգով, անոնք կոչուած են սպասաւորելու մարդ արարածին: Հետեւաբար, անոնք ծառայող հոգիներ են, որոնք երկնաբնակ ըլլալով հանդերձ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ երկրաւոր կեանքի ընթացքին. Անոնք կ’աշխատին ժամանակի եւ տարածքի մէջ, մարդու հետ եւ մարդու համար:
Հրեշտակներուն կը կոչեն նաեւ Աստուծոյ պատգամաւորներ, որոնք կ’իրականացնեն Տիրոջ կամքը: Սուրբ Գիրքը կը վկայէ որ անոնք անհամար են: Ըստ Ս. Դիոնիսիոս Արիսպագացիի՝ անոնք ունին ինը դաս՝ Աթոռներ, Քերովբէներ, Սերովբէներ, Տէրութիւններ, Զօրութիւններ, Իշխանութիւններ, Պետութիւններ, Հրեշտակապետեր եւ Հրեշտակներ:
Աստուածաշունչին մէջ հրեշտակներու մասին ակնարկութիւնները շատ են: Անոնք կը ներկայացուին իբրեւ բազմաթիւ, մեծագործ եւ զօրաւոր էակներ: Հին Կտակարանին մէջ անոնք Աստուծոյ ներկայացուցիչները կը նկատուին, միջնորդներ հոգեւոր եւ նիւթեղէն աշխարհներուն միջեւ: Անոնք ունին իրենց ղեկավարները որոնցմէ ամենէն աւելի ծանօթ են Գաբրիէլը եւ Միքայէլը: Հին միջնադարեան մանրանկարչութեան մէջ յատկապէս, կը գտնենք Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատկերը, Տիրամօր աւետելու ատեն:
Գաբրիէլ անունը, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ այր», բարձրեալի անմիջական պաշտօնեան է, որուն վերապահուած է Տիրոջ վերին խորհուրդները տարածելու շնորհը:
Այս հրեշտակապետն էր, որ ուղղարկուած էր Տիրոջ կողմէ Ս. Կոյս Մարիամին, հաղորդելու բարի լուրը՝ իսկ Զաքարիային՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան աւետիսը:
Միքայէլ անունը, որ կը նշանակէ «Ո՞վ է Աստուծոյ նման», երկնաւոր Արքայի փառքի եւ անոր ժողովուրդին պաշտպանութեան համար մարտնչողն է. ան՝ որուն տրուած է կառավարելու եւ թագաւորելու շնորհ: Միքայէլ հրեշտակապետի անունը, չորս անգամ վկայակոչուած է Ս. Գրքին մէջ: (Դան. 10.13, 12.1, Յուդ. 1.9, Յայտ. 12.7):







All the contents on this site are copyrighted ©.