2013-11-11 11:46:32

Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 20 նոյեմբերին


Ժընեւի մէջ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները վերջ գտան առանց վերջնական արդիւնքի, սակայն կողմերը որոշեցին բանակցութիւնները շարունակել 20 նոյեմբերին։
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ «եռօրեայ բանակցութեանց ընթացքին շօշափելի յառաջդիմութիւն մը արձանագրուած է, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին»՝ աւելցնելով, որ «երկու կողմերը յառաջիկայ բանակցութեանց ընթացքին պիտի փորձեն այս հարցը յաղթահարել»։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, որ ինք բանակցութեանց ձախողութենէն չէ յուսախաբուած՝ նշելով, որ բանակցութեան վերջին փուլը շատ դրական մթնոլորտի մէջ կատարուած է՝ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ փուլին կարելի ըլլայ համաձայնութեան հասնիլ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութեանց ընթացքին շօշափելի յառաջխաղացք արձանագրուած է եւ երկու կողմերը ներկայիս աւելի մօտ են համաձայնութեան մը, քան այս փուլէն առաջ էին։
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ «Իրանի հետ անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը կարելի է, պայմանաւ որ բանակցութիւնները շարունակուին»։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիոյ առաջարկին հիմամբ, Իրան եւ Վեցեակը պիտի գործեն փոխադարձ համաձայնութեան եւ փուլային տարբերակի հիմամբ՝ ընդգծելով, որ այս սկզբունքը բանակցութեանց հիմքի վերածուած է։ Ան նշեց, որ բանակցութիւնները երկար էին, սակայն ժամանակը չէ մսխուած։
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ «կ՛ուզեմ մատնանշել Ճոն Քերրիի ղեկավարութեամբ ամերիկեան պատուիրակութեան՝ Իրանի պատշաճող ընթացքը յառաջ մղելու մէջ առաջնակարգ դերակատարութիւնը»։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ ամէն ինչ կ՛ընէ մեծ տէրութիւնները համոզելու, որ «վատ համաձայնութենէ» մը զգուշանան։
ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իրանեան խորհրդարանին մէջ իր արտասանած մէկ խօսքին մէջ յայտնած է, որ «իսլամական հանրապետութիւնը որեւէ հեղինակութեան կողմէ սպառնալիքներու առջեւ գլուխ չէ խոնարհած եւ պիտի չխոնարհէ։ Մեզի համար գոյութիւն ունին կարմիր գիծեր, զորս պէտք չէ շրջանցել։ Ազգային շահերն են մեր կարմիր գիծերը, որոնք կը ներառեն միջազգային օրէնքներու հիմամբ մեր իրաւունքներն ու Իրանի մէջ (իւրանիոմի) հարստացումը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.