2013-11-10 12:30:48

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կոչ ուղղեց Փիլիպեան կղզեախումբի բնակչութեան օժանդակութիւն հասցնելու համար։


Կիրակի, 10 նոյեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենաեկի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներո ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած օրուան աւետարանէն (Մարկոս 20, 27...) ուր կը խօսուի, Սադուկեցիներու մասին, որոնք կը մերժեն մեռելներու յարութիւնը, որ Յիսուսի հարցում կ՛ուղղեն յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի մասին։ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ ''Այս աշխարհի որդիները կին կամ ամուսին կ՛առնեն։ Իսկ անոնք որ արժանի պիտի ըլլան հասնելու հանդերձեալ կեանքին եւ յարութեան, ո՛չ կին կ՛առնեն եւ ո՛չ ալ ամուսին, որովհետեւ այլեւս չեն կրնար մեռնիլ, նման են հրեշտակներու եւ Աստուծոյ որդիներն են, քանի որ յարութեան որդիներ են''...որովհետեւ ''Աստուած մեռելներու Աստուած չէ այլ ողջերու''։ Արդ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - յաւիտենական կեանքը կը լուսաւորէ եւ յոյս կը ներշնչէ երկրային մեր այս կեանքին, ձգտելու համար կեանքի լիութեան որ է յաւիտենական կեանքը։
Մարեմեան աղօթքէն ետք, Սրբազան Հայրը, ողջոյնի խօսք մը ուղղեց սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալներուն, ակնարկելով` Գերմանիոյ Բատերպորն քաղաքի մէջ, յետմիջօրէին, տեղի ունեցող` քոյր Մարիա Թերեզա Պոնծէլի երանացան արարողութեան, ինչպէս նաեւ վերյիշելով 1938-ի, 9 եւ 10 նոյեմբերին, սկիզբ առած հրեաներու դէմ հալածանքի 75-րդ յիշատակումը։ ''Աղօթենք Աստուծոյ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որպէսզի անցեալի տխուր յիշատակը, մեղքի յիշատակը, ըլլայ խթան ու յանձնառում որեւէ ատելութեան կամ անհանդրժողութեան դէմ։
Սրբազան Հայրը հուսկ վերյիշեց Փիլիպեան կղզեախումբի մրրիկի զոհերը, յայտնելով իր մօտիկութիւնը ու հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու ''մեր եղբայր ու քոյրեուն համար'' ու անոնց հասցնելու գործնական ու վճռական օժանդակութիւն։
Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան շրջաններէ Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն, ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.