2013-11-09 14:31:39

Քահանայապետին կսկիծն ու ցաւը Փիլիպեան կղզեախումբի մէջ ''Հաիյան'' մրրիկի պատճառած զոհերուն համար` 10,000 մեռեալ


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իմանալով Փիլիպեան կղեզախումբը հարուածող ''Հաիյան'' մրրիկի պատճառած աւերներու եւ զոհերու լուրը, իր խոր ցաւը յայտնած է երկրի ողբալից վիճակի մէջ գտնուող բնակչութեան, ինչպէս նաեւ վստահեցուցած է իր մօտիկութիւնը ու զոհերուն համար իր աղօթքները։ Վերջին տուեալներու համաձայն մեռեալներու թիւը հասած է 10,000-ի։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ի լուր վերոյիշեալ ողբերգութեան, թուիթերեան իր կայքի վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը`
''Բոլորէդ կը խնդրեմ որ միանաք իմ աղօթքներուս, ''Հաիյան'' մրրիկի պատճառած զոհերուն համար, եւ յատուկօրէն Փիլիպեան կղզեախումբի զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.