2013-11-09 14:03:03

Նորին Սրբութիւնը կ'աղօթէ որպէսզի Եկեղեցին միշտ հիմնուած ըլլայ Քրիստոսի վրայ եւ հաւատարիմ մնայ Անոր։



Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 9 նոյեմբերին առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին քարոզը կեդրոնացուց օրուայ ծիսական տօնակատարութեան շուրջ որ է ՝ Լատերանեան աթոռանիստ Հռոմի եկեղեցւոյ ընծայումը՝ ''Հռոմի ու համայն երկրագունդի եկեղեցիներուն՝ մայր''։
''Այսօրուայ տօնը ՝ տօնն է Հռոմ քաղաքին եւ անոր Եկեղեցւոյ եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ապա ներշնչուելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումներէն, ներկայացուց երեք պատկերներ որոնք կը խօսին Եկեղեցւոյ մասին։ Առաջինը քաղուած` Եզեքիէլ Մարգարէի 45-րդ Սաղմոսէն, ուր կը պատկերացուի ջուրի հոսանքը որ կը բխի տաճարէն եւ կ՛ուրախացնէ Աստուծոյ քաղաքը. Եկեղեցւոյ կեանքին թիկունք կանգնող ու զայն սնուցող շնորհքի պատկերը։

Երկրորդը քաղուած Սուրբ Պօղոսի Կորընթացիներու ուղղուած նամակէն, կը պատկերացնէ ժայռը որ կը խորհրդանշէ հիմը որուն վրայ հիմնուած է եկեղեցին` Յիսուս Քրիստոս։
Երրորդը քաղուած օրուան Աւետարանէն, որ կը պատկերացնէ Տաճարին բիւրեղացումը` Եկեղեցւոյ բարենորոգումը։

Նորին Սրբութիւնը իր քարոզի աւարտին հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու` որպէսզի Եկեղեցին կարենայ միշտ հոսեցնել շնորհքի ջուրը, որպէսզի ան միշտ հիմնուած ըլլայ ՔՐիստոսի վրայ եւ հաւատարիմ մնայ Անոր եւ որպէսզի Եկեղեցւոյ անդամները թոյլ տան որ Յիսուս դարձի բերէ զանոնք։







All the contents on this site are copyrighted ©.