2013-11-09 09:59:56

Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի պաշտօնական բացում


Երէկ՝ ուրբաթ, 8 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի պաշտօնական բացումը, զոր կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ֆրանսացի եւ հայ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեք յարանուանութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շուրջ 300-ի հասնող հիւրեր։
Այս առիթով խօսք առաւ Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտեն, որ բարձր գնահատեց հայերը՝ դիտել տալով, որ թէեւ անոնք երբ Ցեղասպանութենէն ետք Մարսէյ եկան շատ ջերմ ընդունելութեան չարժանացան, սակայն հետագային իրենց աշխատանքներով եւ բարի նկարագիրով ու բնաւորութեամբ սիրուեցան բոլորին կողմէ, շրջանին մէջ իրենց ներդրումը ունեցան ու դարձան տիպար քաղաքացիներ՝ միշտ պահպանելով իրենց ինքնութիւնը։
Իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ բարեկամական սերտ յարաբերութիւններուն, երկու երկիրներուն միջեւ առկայ աշխուժ գործակցութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ Ֆրանսան երկրորդ հիմնական պետութիւնն է, որ ներդրումներ կը կատարէ Հայաստանի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.