2013-11-09 13:03:27

''Ձեր ընկերակցութիւնը սիրոյ Աւետարանին ճշմարիտ քարոզութիւնն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իտալական ''Ունիդալսի-ի'' բարեգործական հաստատութեան անդամները ընդունելով։


Շաբաթ 9 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը ու ապա ժամը 10,30-ին ըդնունեց Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան մօտ նորանշանակ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Նիքոլա Էդէրովիչը։
Ժամը 11-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց իտալական ''Ունիդալսի'' բարեգործական հաստատութեան 7000 անդմաներուն, որոնք հռոմի մէջ կը տօնախմբեն իրենց հիմնարկութեան 110-րդ ամեակը։ Յայտնենք որ Ունիդալսին հիւանդներուն եւ անկարներուն օգնութեան հասնող իտալական ազգային կազմակերպութիւն մըն է։
Անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը ըսաւ`
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ջերմօրէն կ'ողջունեմ ամէնքդ եւ մասնաւորապէս անկար անհատները, որոնց կ'ընկերանան եկեղեցական եւ աշխարհական կամաւորներ։ Ունիդալսին` Հիւանդներուն օգնութեան հասնող ազգային կազմակերպութիւնը, գնահատուած է թէ եկեղեցիէն եւ թէ քաղաքացիական ընկերութենէն։ 110 տարիէ աւետարանական ոգիով տոգորուած, օգնութեան կը հասնի հիւանդներուն ու դիւրաբեկ անհատներուն։ Արդարեւ ձեր ընկերակցութիւնը հիւանդներու հոգաբարձութիւն մը չէ, եւ ոչ ալ մարդասիրութիւն, այլ ճշմարիտ քարոզութիւն մըն է սիրոյ Աւետարանին։ Ունիդալսիի կամաւորներ` դուք` մղուած Քրիստոսի սէրէն ու ներշնչուած բարի սամարացիի օրինակէն, կ'աշխատիք մխիթարել ու ամոքել հիւանդը։ Դժուարութեան ու յօգնութեան առջեւ մի վհատիք, այլ շարուակեցէք ժամանակ տրամադրել, ժպիտ ու սէր հաղորդել կարօտեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Հիւանդ ու դիւրաբեկ ամէն անհատ թող ձեր դէմքին մէջ տեսնէ Քրիստոսի դիմագիծը եւ դուք հիւանդին մէջ տեսնէք տառապող Քրիստոսի մարմինը։ Աղքատները եւ նոյնիսկ առողջութեամբ աղքատները Եկեղեցւոյ համար հարստութիւն մըն են։ Դուք` ընդունեցաք պարգեւը ու յանձնառումը, ի շարս եկեղեցական այլ իրականութիւններուն, արժէքաւորելու ձեզի շնորհուած պարգեւները ոչ միայն եկեղեցւոյ պայծառութեան այլ եւ համայն ընկերութեան բարիքին համար։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ապա հիւանդներուն ըսաւ` դուք ձեզ մի նկատէք որպէս զօրակցութեան ու սիրոյ առարկայ, այլ գիտակից եղէք որ դուք անբաժան մէկ մասն էք Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Դուք ունիք ձեր տեղը ու ձեր դերը Եկեղեցւոյ մէջ։ Ձեր ներկայութիւնը, ձեր աղօթքը, ձեր ցաւին նուիրումը, խաչեցեալ Քրիստոսին, Եկեղեցւոյ համար հոգեւոր հարստութիւն մըն է։
Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները վստահիլ երկնաւոր Մօր` ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Ան մեր մխիթարութիւնն է ու բարեխօսը իր Որդւոյն մօտ։ Թող Ան մեզի օգնէ ըլլալու ցոլացումը Անոր որ ''Հայրն է բոլոր գթութիւններու եւ Աստուած ամէն մխիթարութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.