2013-11-09 09:01:59

Հայաստանի Մշտական Բնակչութեան Թիւը 3 միլիոն 17 հազար մարդ։


Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մշտական բնակչութեան թիւը 1 Հոկտեմբեր 2013-ի դրութեամբ` կը կազմէ 3 միլիոն 17 հազար մարդ: Անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը կը կազմէր 3 միլիոն 282 հազար մարդ:
Ի հարկէ, մինչեւ Դեկտեմբեր 31 կը վերադառնան Հայաստան որոշ թիւով հայեր ` արտագնայ աշխատանքի մեկնածները եւ այլք, Ամանորը տանը տօնելու համար, եւ մշտական բնակչութեան` անցեալ տարուան եւ այս տարուան թիւերու տարբերութիւնը կը նուազի: Բայց 1 Հոկտեմբեր 2013-ի դրութեամբ, համեմատած 2012 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ, ՀՀ մշտական բնակչութեան թիւի տարբերութիւնը կը կազմէ 265 հազար:
Մշտական բնակչութեան թիւը հաշուած է 2011 թուականի մարդահամարի հիմքով՝ ծնածներու, մահացածներու, մեկնածներու եւ վերադարձածներու համապատասխան թիւերը հաշուի առնելով:
Իրաքանչիւր մարզի բնակչութեան թիւը տեսնելու համար այցելել հետեւեալ կայքը՝








All the contents on this site are copyrighted ©.