2013-11-09 09:04:47

Լաւրով կը վերահաստատէ Սուրիոյ շուրջ ոչ պաշտօնական խորհրդաժողովի Ռուսիոյ բաց հրաւէրը


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ վերահաստատեց Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ շուրջ ոչ պաշտօնական խորհրդաժողովի հրաւէրը՝ նշելով, որ ասիկա բաց հրաւէր մըն է եւ բոլորին ուղղուած է։
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական հարցերը, ներառեալ՝ մանուկներու անդամալուծութեան տարածումը քաղաքականացնելու փորձեր գոյութիւն ունին։
Լաւրով ըսաւ, որ սուրիական «ընդդիմութեան խորհրդաժողովին առանց նախապայմաններու մասնակցելու դժկամութեան պատճառով տակաւին «Ժընեւ-2»-ի թուականին շուրջ համաձայնութիւն մը չենք գոյացուցած»՝ աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական մարմինը տակաւին կը մերժէ առանց նախապայմանի «Ժընեւ-2»-ին մասնակցիլ, ինչ որ կը հակասէ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց իր քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ թաքցնելու առնչութեամբ Դամասկոսի ուղղուած ամերիկեան ամբաստանութիւնները՝ նշելով, որ անոնք անհիմն են։
Քայիտայի ղեկավար Այման Զաուահիրի երէկ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած ուղերձի մը մէջ հրամայեց կազմալուծել «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» (ՏԱՀԵՇ) զինեալ խմբաւորումը՝ ընդգծելով, որ Սուրիոյ մէջ Քայիտայի մասնաճիւղը Ժապհաթ Նուսրան է։
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա կը նախատեսեն, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքի աւարտը վեց ամիսով ուշանայ, եւ այդ աշխատանքները մինչեւ 2014¬ի աւարտը երկարին։







All the contents on this site are copyrighted ©.