2013-11-09 08:35:38

Իտալիոյ Լիկուրիայ նահանգի հաւատացեալներու ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պետրոսի դամբանին։


Շաբաթ, 9 նոյեմբեր, Իտալիոյ Լիկուրիայ նահանգի հազարէ աւելի հաւատացեալներ ուխտագնացութեամբ ժամանեցին Հռոմ- Վատիկան, ուր առաւօտեան ժամը 9-ին ''Օրհնութիւններու'' սրահին մէջ համախմբուեցան մասնակցելու համար Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայածառ Րինօ Ֆիզիքելլայի ներկայացուցած ''Հաւատքի'' մասին խորհրդածութեան։ Հաւաքին կը մասնակցին նաեւ Լիկուրիայ նահանգի եպիսկոպոսները ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը, կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն որ Ճէնովա թեմի արքեպիսկոպոսն է։ Ուխտագնացութիւնը վերջ կը գտնէ կիրակի 10 նոյեմբերի առաւօտեան` Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով։

Գերապայծառ Րինօ Ֆիզիքելլայի խորհրդածութենէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկէն ողջունել ուխտաւորները եւ անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին քաջալերեց զանոնք այս ուխտագնացութենէն օգտուելու, Տիրոջմէ հայցելու համար իրենց հարցերու լուծումներ։ Տէրը միշտ ձեզ կը սպասէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Ան երբեք չի հոգնիր մեզ սպասելէ։ Բարի է։ Ուխտագնացութիւն կը կատարուի - յարեց Ան - Տիրոջ հանդիպելու ու հաւատքի մէջ աճելու համար։ Հոգեւոր հանդիպում մը որ մեզի կ՛օգնէ յառաջ ընթանալու կեանքի ճանապարհի վրայ։
Սրբազան Հայրը ապա բոլորին մաղթեց բարի օր ու բարի ուխտագնացութիւն, ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն նաեւ իրեն համար, հուսկ առաքելական օրհնութիւնը ջամբերէ առաջ, հրաւիրեց զանոնք միասնաբար աղօթելու ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը։ Ապա հրաժեշտ առնելով ներկաներէն ըսաւ` Ողջոյնս փոխանցեցէք ձեր քաղաքի մանուկներուն, տարեցներուն եւ հիւանդներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.