2013-11-09 09:06:53

Ժընեւի մէջ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւննե


Երէկ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցան Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ բանակցութիւններ։ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտարարեց, որ բանակցութիւնները յառաջխաղացք կ’արձանագրեն։ Ֆրանսական աղբիւր մը իր կարգին «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ բանակցութիւնները գիշերուան ընթացքին պիտի շարունակուին։ Իրանեան աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած էին, որ երէկուան բանակցութեանց ընթացքին մեծ համաձայնութեան մը գոյացումը կը նախատեսուի։ Եւրոպական Միութենէն աղբիւր մը իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ իրենք կը յուսան, որ երէկուան բանակցութեանց ընթացքին յառաջխաղացք արձանագրուի։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ ԶարիՖ յայտնեց, որ «մուտք գործեցինք հանգրուան մը, որ կրնայ հիւլէական թղթածրարին համար շատ դրական եւ վերջնական ըլլալ»։ Սակայն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նշեց, որ «գոյութիւն ունին հիմնական հարցեր, որոնք առանց քննարկումի մնացին»։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին ըսաւ, որ «Իրանի հետ համաձայնութեան մը չհասանք, սակայն Ժընեւի բանակցութիւնները կարեւոր արդիւնքներ ձեռք կը բերեն»։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իր երկիրը «բուռն կերպով» կը մերժէ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ նախատեսուած համաձայնութիւնը՝ աւելցնելով, որ «Իսրայէլ այդ համաձայնութեան յանձնառու չէ եւ ինքզինք եւ իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար պէտք եղածը պիտի կատարէ»։
Սպիտակ տունը, մեկնաբանելով Նեթանիահուի յայտարարութիւնը, նշեց, որ Իրանի հետ համաձայնութեան մը դէմ ուղղուած Իսրայէլի քննադատութիւնները «իրենց ատենէն առաջ» կատարուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.