2013-11-09 11:39:48

Զրոյց Երկրորդ – ՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ


Հարցում թիւ 1. Ինչու՞ կը գտնուինք այս երկրի վրայ։
Այս երկրի վրայ կը գտնուինք, որպէսզի ճանչնանք ու սիրենք զԱստուած, որպէսզի բարիք ընենք, ապրինք իր կամքին համաձայն եւ, օր մը երկինք հասնինք։
Մարդ ըլլալ` կը նշանակէ Աստուծմէ յառաջ գալ եւ դէպի Աստուած դառնալ։ Մեր ծագումը կ՛երթայ աւելի հեռու քան մեր անմիջական ծնողքը։ Յառաջ կու գանք Աստուծմէ, որուն մէջ կը կայանայ բոլոր երջանկութիւնը, երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ, եւ որ կը սպասէ մեզի իր անսահաման ու յաւիտենական երանութեանը մէջ։ Մինչ այդ` կ՛ապրինք երկրի վրայ. Երբեմն կը զգանք մեր Արարիչին մերձաւորութիւնը, բայց յաճախ ոչինչ կը զգանք։ Աստուած, որպէսզի մեզ զետեղէ ուղիղ ճամբուն վրայ, ուղարկեց իր Որդին, որ մեզ ազատեց մեղքէն, ազատագրեց ամէն չարիքէ եւ մեզ կ՛առաջնորդէ անսայթաք կերպով իրական կեանքին մէջ. Ինքն է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը (Յովհ. 14, 6)։

Հարցում թիւ 2. Ինչու՞ Աստուած մեզ ստեղծած է։
Աստուած մեզ ստեղծած է ազատ ու անշահախնդիր սիրով։
Երբ մէկը սիրէ, իր սիրտը կը յորդի սիրով. Ան կ՛ուզէ իր ուրախութեանը բաժնեկից դարձնել իր շուրջինները։ Այս յատկութիւնը կը պարտի իր Արարիչին։ Թէեւ Աստուած խորհուրդ մրն է, սակայն կարելի է զինք մասամբ հասկնալ մարդկային այս սիրոյ փորձառութեան ընդմէջէն։ Այսպէս` կրնանք ըսել թէ Աստուած մեզ ստեղծած է իր սիրոյ յորդառատ լիութենէն. Կ՛ուզէ բաժնեկից դարձնել մեզ իր ուրախութեանը, մենք որ իր սիրոյ ստփղծագործ պտուղներն ենք։
Գլուխ Ա. Մենք մարդիկս պատրաստ ենք ընդունելու զԱստուած:

Հարցում թիւ 3. Ինչու՞ մենք կը փնտռենք զԱստուած
Աստուած ինք մեր սրտին մէջ դրած է փափաքը զինք փնտռելու եւ գտնելու. ՙՄեզ ստեղծեցիր քեզի համար, Տէր, եւ մեր սիրտը դադար չունի մինչեւ որ քու մէջդ գտնէ իր հանգիստըՙ։ Այս փափաքը Աստուծոյ` կը կոչուի Կրօնք։
Շատ բնական է որ մարդկային անձը փնտռէ զԱստուած. Իր բոլոր ձգտումը դէպի ճշմարտութիւնն ու երջանկութիւնը ի վերջոյ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սլացք մը դէպի այն նպատակակէտը, որ զինք բացարձակօրէն կը հասկնայ, բացարձակ կերպով կը գոհացնէ եւ ամբողջութեամբ զինք նկատի կ՛առնէ։ Սրբուհի Էտիթ Շթայն ըսած է. այն անձը որ ճշմարտութիւնը կը փնտռէ, նովին գործով զԱստուած է որ կը փնտռէ, նոյնիսկ անգիտակցաբար։

Հարցում թիւ 4. Կարո՞ղ ենք արդեօք Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցանել լոկ մեր բնական խելքով։
Այո՛. Մարդկային խելքը կարող է ճանչնալ զԱստուած, ամենայն ստուգութեամբ։
Աշխարհը չի կրնար իր ծագումն ու նպատակը գտնել ինք իր մէջ։ Գոյութիւն ունեցող ամէն էակի մէջ կայ շատ աւելի բարձր կէտ մը զոր չենք տեսներ։ Բնութեան մէջ եղած կարգ կանոնը, գեղեցկութիւնն ու բարգաւաճումը կ՛ուղղեն մեր հայեացքները դէպի գերազանց իրականութիւն մը։ Ամէն մարդկային անձ բացուածք մը ունի դէպի ճշմարիտը, բարին եւ գեղեցիկը. Կը լսէ խղճի ձայնը ինք իր խորքին մէջ, որ զինք կը մղէ դէպի բարին եւ կը զգուշացնէ չարէն։ Այն անձը որ իմաստութիւնն ունի հետեւելու այս հետքին, անպայման կը գտնէ զԱստոած։
-------------------------------------------------------------------------------------
Նշմարներ երկրորդ Զրոյցի
Եուքաթի էջերուն կողմնակի սիւնակներուն մէջ` զանազան նօթագրութիւններ կան որոնք յաւելեալ բացատրութիւններ կու տան եւ մէջբերումներ կը կատարեն Սուրբ Գրքէն ու սուրբերէ եւ հանրածանօթ անձնաւորութիններէ։ Ամէն զրոյցէ ետք` նաեւ պիտի ընծայենք մեր ունկնդիրներուն այդ յարակից շահեկան նօթագրութինները։

1 ­ Սուրբ գրքէն մէջբերումներ.
­ Աստուած կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեանը (Ա. Տիմոթէոս, 2, 4)։
­ Աստուած սէր է (Ա. Յովհաննէս, 4,16)։
­ Աստուած ստեղծեց մարդիկը որպէսզի հետամուտ ըլլան հասնելու աստուածութեանը, եթէ կարելի է նոյնիսկ խարխափելով, եւ զայն գտնեն. Ուստի ան մեզմէ իւրաքանչիւրէն հեռու չէ. Իրմով եւ իրեն մեջն է որ մենք ունինք կեանք, շարժում եւ եղելութիւն։ (Գործք Առաքելոց 17, 27-28)։

2 ­ Սուրբերէ եւ երեւելի անձնաւորութիւններէ մէջբերումներ.
­ Մարդկային նիւթերու շուրջ խօսելով` կ՛ըսուի թէ պէտք է զանոնք ճանչնալ` սիրելու համար. Իսկ Աստուածային նիւթերու մասին խօսելով` կ՛ըսենք թէ հարկաւոր է զանոնք սիրել, ճանչնալու համար։ (Պլէզ Փասքալ)
­ Սիրոյ չափը` սէրն է առանց չափի։ (Սուրբ ֆրանչեսկոս Սալեզացի, եպիսկոպոս, հոգեւոր առաջնորդ, հիմնադիր միաբանութեան եւ վարդապետ Եկեղեցւոյ)։
­ Սէրը` կը նշանակէ գտնել իր ուրախութիւնը բարիքին մէջ։ Սիրել կը նշանակէ կամենալ բարիք ընել ուրիշին։ (Սուրբ Թովմաս Ագուինացի, Միջին դարու հոգեւոր առաջնորդ, վարդապետ Եկեղեցւոյ եւ մեծ աստուածաբան)։
­ Քրիստոնէական ուրախութեան աղբիւրը` ստուգութիւնն է թէ սիրուած ենք Աստուծմէ, անհատապէս սիրուած ըլլալն է մեր Արարիչէն… տենթագին ու հաւատարիմ սիրով, այնպիսի սիրով մը որ գերիվեր է մեր անհաւատարմութիւններէն եւ մեր յանցանքներէն, սիրով մը որ գիտէ ներել։ (Պենեդիկդոս ԺԶ. Սրբազան Պապ, 1 Յունիս 2006­ի ճառ)։

3 ­ Բացատրութիւններ
Ի՞նչ կը նշանակէ ՙԿրօնքՙ բառը
Կրօնք բառով կը հասկնանք ընդհանրապէս մեր յարաբերութիւնը աստուածային էակի մը հետ։ Կրօնասէր մարդը կ՛ընդունի աստուածային ուժի մը գոյութիւնը, որ ստեղծած է զինք, ինչպէս նաեւ տիեզերքը, ուժ մը որմէ ինք կախեալ է եւ որուն կը ձգտի իր կեանքին ուղղութիւնը։ Իր ապրելակերպին մէջ` ան կ՛ուզէ հաճոյք պատճառել այդ աստուածութեանը եւ զայն մեծարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.