2013-11-08 12:57:53

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի գերագոյն ատեանի անդամները։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր` ուրբաթ 8 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Գոսթարիգայի հանրապետութեան նախագահ` Տիկ Լաուրա Չինչիլլա Միրանտան ու անոր ընկերացող շքախումբը, ապա ժամը 11-ին ընդունեց` Կարտինալ Մարք Ուելլէն` եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ժամը 12,30-ին Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի առաքելական գերագոյն ատեանի լիանիստ ժողովի մասնակից, կարտինալներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու գերագոյն ատեանի աշխատակազմին։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը նախ երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց, Եկեղեցւոյ արդարութեան ուղղամիտ մատակարարման համար ու անոնց նուրբ եւ հաւատարիմ գործունէութեան` ի սպաս ճշմարտութեան։ Սրբազան Քահանայապետը ապա շեշտը դրաւ ամուսնութեան անլուծանելիութեան պաշպան փաստաբանի դերին վրայ ու ապա ակնարկեց բոլոր անոնց որ յանձնառու են Եկեղեցական արդարադատութեան մարզէն ներս որպէս Եկեղեցւոյ անունով եւ Եկեղեցւոյ մաս գործիչներ։Արդարութեան ի սպաս ծառայութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - առաքելական կեանքի յանձնառում մըն է որ կը մեզմէ կը պահանջէ մեր նայուածքը միշտ ուղղել Բարի Հովիւին որ կ՛ընդառաջէ կորսուած եւ վիրաւոր ոչխարին։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց գործունէութիւնը, ձգտելով միշտ Եկեղեցւոյ արդարութեան յստակ եւ ուղղամիտ ճանապարհին, համապատասխանելու համար հաւատացեալներու պահանջներուն։ Թող Ամենասուրբ Աստուածածինը ձեզ ու համայն Եկեղեցին օգնէ` ընթանալու արդարաութեան ճանապարհով - ըսաւ Սրբազան Հայրը ճառը աւարտելով։







All the contents on this site are copyrighted ©.