2013-11-08 11:28:53

Կաշառակերութիւնը կը զգետնէ արժանապատուութիւնը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը


Ուրբաթ, 8 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 7-ին Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, աղօթելով իրենց ծնողներէն ''կաշառակերութեան հացով'' աճած երիտասարդներուն համար, հաստատեց թէ ''կաշառակերութիւնը կը զգետնէ մարդու արժանապատուութիւնը''։
Մեկնաբանելով անիրաւ տնտեսին առակը, Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը կեդրոնացուց ''աշխարհիկ հոգիին եւ աշխարհամոլութեան'' վրայ, մէջբերլով Յիսուսի իր Հօր ուղղած աղօթքը ''որպէսզի իր աշակերտները աշխարհի հոգիին չ՛ենթարկուին''։
Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ անիրաւ տնտեսը իր զաւակներուն կու տար ''պիղծ հաց'' մը որ կաշարակեռութեան արդիւնքով շահած էր, ''եւ կաշարակերութիւնը մեղք մըն է'' - ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան իր քարոզին աւարտին հրաւիրեց ներկաները աղօթելու բոլոր այն մանուկներուն համար որոնք իրենց ծնողներէն կը ստանան ''պիղծ հաց'' ու բոլոր անոնց որ ''արժանապատուութեան անօթութենէն'' կը տառապին։ Աղօթենք որպէսզի Տէրը փոխէ ''կաշառքի աստուծոյն'' հաւատացողներու սիրտը, եւ որպէսզի անոնք անդրադառնան թէ մարդու արժանապատուութիւնը յառաջ կու գայ պարկեշտ եւ արժանավայել աշխատանքէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.