2013-11-08 09:46:55

Ընկերային հաղորդամիջոցներու պատասխանատու Եւրոպայի եպիսկոպոսներու ժողովը Պարչելոնայի մէջ։


''Աւետարանել Եւրոպայի հոգին` ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու մասին վաւերագիրի հրատարակման 50-րդ տարեդարձին առթիւ''։

8-10 նոյեմբեր Սպանիոյ Պարչելոնա քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ Ընկերային հաղորդակցութեանց պատասխանատու եպիսկոպոսներու ժողովը ` ''Ինդեր Միրիֆիգա'' վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու մասին վաւերաթուղթի հրատարակումին 50-րդ տարեդարձին առթիւ։
Ընկերային հաղորդամիջոցներու պատասխանատու եպիսկոպոսները կը քննարկեն Եկեղեցւոյ դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներն ու միջոցառումները Աւետարանը հաղորդելու ու զայն քարոզելու`ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր մշակոյթը մշտատեւ յեղաշրջումի մէջ է։
Ժողովական հայրերը երեք օրերուն ընթացքին կը քննարկեն. Եւրոպայի Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հաղորդակցութիւնը եւ Ս. Աթոռի կողմէ գործածած թեխնիքական արդի միջոցները։
Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի վերաւետարանել ներկայ Եւրոպան, որ կ'ապրի ու կը գործէ որպէս թէ Աստուած գոյութիւն չ՛ունենար - յայտարարած են ընկերային հաղորդամիջոցներու պատասխանատու Եւրոպայի եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.