2013-11-08 10:32:17

Արաֆաթ շատ հաւանաբար թունաւորուած էր


Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան՝ ՊԱԿի, առաջնորդ Եասէր Արաֆաթի մահուան պարագաները առաջին օրէն իսկ խորհրդաւոր նկատուած էին։ Ան մահացած էր 2004ին, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր փոխադրուած էր՝ անակնկալօրէն յայտնուած անհասկնալի հիւանդութեան մը հետեւանքով։ Շատեր եւ յատկապէս անոր կինը կը պնդէին, թէ Արաֆաթ թունաւորուած էր:
Զուիցերիական հետքաննութիւն մը, որ մէկն է երեք անջատ հետախուզութիւններէ, հասած է այն եզրակացութեան, որ թունաւորման պնդումը շատ հաւանաբար ճիշդ է։
Ըստ «Ճեզիրա» կայանին կողմէ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ին ձեռք բերուած 108 էջնոց տեղեկագիրին՝ Արաֆաթի մարմինին վրայէն ու անոր մէջ գտնուած է անբնական քանակութեամբ «փոլոնիում»։
Արաֆաթի սպանութեան հարցով անջատ քննութիւններ կը կատարուին Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ. անոնց վերջնական արդիւնքները ցարդ չեն հրապարակուած: Արաֆաթի կինը՝ Սուհա Արաֆաթ, եւս յիշեալ տեղեկագիրէն մէկ օրինակ ստացած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.