2013-11-08 10:01:26

Առանց հաւատքի կեանք չկայ


Պօղոս Առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ, հաւատքին կարեւորութիւնը կը սահմանէ այս գեղեցիկ բառերով. «հաւատք կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր» (11. 1): Մարդու գոյութեան հետ սերտօրէն առնչուած երեւոյթ մըն է հաւատքը: Անկատար արարած ըլլալով ու ամէն տեսակի ու ձեւի սահմանափակումներով շրջապատուած ըլլալով, կատարեալին ու ամենահզօրին ձգտումը մարդուն մէջ բնական մղում մըն է։ Հետեւաբար, մարդ իր անմիջական պարունակէն ու սովորական շրջագիծէն անդին ու վեր բանի մը պիտի հաւատայ, թէկուզ իր հաւատքի առարկան ըլլայ տարօրինակ իրականութիւն մը, եւ նոյնիսկ՝ բացարձակութեան ու կատարելութեան աստիճանի բարձրացուցած իր անձը...: Հին ժամանակներէն սկսեալ կրօններ փորձած են մարդու կեանքին այս բնական երեւոյթին տալ գիտակից խորք ու հոգեմտաւոր տարածք՝ իւրաքանչիւր կրօն իր հաւատքի առարկային շուրջ կազմաւորելով ու զարգացնելով իր մտածողութիւնը, ինքնութիւնը ու նպատակը:
Առանց հաւատքի մարդս ամենադժբախտ էակը պիտի ըլլար, կեանքը անիմաստ, անորոշ կեանքի սկիզբը. յետոյ տեսողութիւնը պիտի ըլլար կրաւորական ընկալումներու շարք, մղումովը որ իրմէն, իր ներսէն չէ, այլ ինչ որ շրջապատը պիտի պարտադրէր ըլլալու այն, ինչ որ իր կամքով չէ, այլ ուրիշ` արտաքին ազդեցութեանց ենթակայ է որով ինքն իրենը չէ, այլ իբրեւ կախեալ ուրիշի մը կամքէն կամ բոլորովին անորոշ վիճակի մը մէջ, կամ անկենդան, զգայազուրկ անշարժութիւն մը եւ այլն:
Հաւատքի բացակայութիւնը մարդս կասկածի եւ անորոշութեան կը մատնէ. կեանքի վախճանը, յաւիտենական մթութիւն կ՛երեւայ եւ կեանքը զոր կ՛ապրի, մթութիւն է արդէն որուն մէջ կը կորսուի եւ անիմաստ կը գտնէ կեանքն իսկ: Ի զուր պիտի ջանայ գաղափարային յաւերժութիւն մը ապահովել, զի գաղափարներն ալ կը մաշին ժամանակի հոլովույթին հետ:
Որքա՛ն կեանքեր անցեալի պատումին մէջ մոռցուած են. ո՞վ կը յիշէ միլիոնաւոր մարդոց անունները, որոնք այլեւս գոյութիւն չունին. «Ազգ գայ եւ ազգ երթայ եւ աշխարհս յաւիտեան կայ»:
Հաւատամ՛ք, ահա՛ կռուանը, ահա լոյսը որ միացած մտքի ճրագին հետ աւելի կը լուսաւորէ մարդուն քալած ուղին եւ մարդս հաւատքի զօրութեամբ աւելի յստակ կը տեսնէ, քան միայն մտքի կարողութեամբ:
Միտքը չէ որ մարդս պիտի փրկէ վտանգէն. միտքը չի կրնար գերեզմանաքարը թաւալել. «Ո՞վ պիտի թաւալէ մեզի գերեզմանին վէմը», պիտի կրկնէ մուղեւոր մարդն իդ կասկածներուն պարուրուած, զի պիտի փորձէ մահուան գաղափարը հասկնալ: Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը. ո՞վ կարող է ըմբռնել ճշմարիտը եւ ո՞ւր է ճշմարտութիւնը: Կը հարցնեն իմաստասէրները եւ ոչ ոք անոնցմէ կրցաւ ըսել, թէ ես գտայ ճշմարտութիւնը. եւ դարերով մարդուս միտքը իր աղօտ լոյսին ճրագովը պիտի փնտռէ ճշմարտութիւնը եւ պիտի չգտնէ, մինչեւ որ մտքին տկար լոյսը զօրանայ հաւատքին լոյսովը. եւ ո՞վ կարող է մերժել հաւատքին մեծ դերը մարդուս կեանքին մէջ: Մարդ հաւատքը կ՛ապրի աւելի քան ճշմարտութեան գուտովը որ կը կարծէ թէ ճշմարիտ է: Ամէն ինչ որ մարդուս էութեան խորքին մէջն է, կը մնայ չբացատրուած խորհուրդ, եւ մարդս պէտք է որ ներհայեցողութեամբ փորձէ ինքզինքը տեսնելու եւ ճանչնալու: Ո՞վ կրցաւ կշռել խորերը մարդուս հոգիին, եւ գտնել անոր եսը եւ ճանչնալ թէ ի՞նչ է այդ եսը, որ կը զգանք թէ մենք իսկ ենք, մեր մէջն է, մեր մտքի գործերուն տիրապետողը, յարաշարժ մղումը անոր, դէպի ինքզինքնն, իր գոյութեան սկիզբն եւ ուր վերջանալն ու դադրիլը:








All the contents on this site are copyrighted ©.