2013-11-08 10:53:53

«Ժընեւ-2»-ը Սուրիական տագնապի միակ լուծումն է եւ վստահ եմ՝ ատոր թուականը քանի մը օրէն պիտի ճշդուի» ըսաւ Քերրի


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները շրջանին վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունին՝ նշելով, որ 78 հազար սուրիացի մանուկներ յորդանանեան դպրոցներու մէջ կը գտնուին, իսկ Յորդանան դպրոցներու դռները սուրիացի մանուկներուն առջեւ բացած է, որպէսզի անոնք ուսումէ չզրկուին, ինչ որ առատաձեռնութիւն է, որովհետեւ «Յորդանան շատ օժանդակութիւն չստացաւ եւ սուրիական վարչակարգին իր ժողովուրդը գաղթական դարձնելու համար գործածին բեռը կը կրէ»։
Քերրի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը մեծ պատերազմ մըն է, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է գործի լծուի՝ նշելով, որ «Ժընեւ-2»-ը այս տագնապին վերջ տալու միակ լուծումն է եւ պէտք է շուտով զայն գումարել»։
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը վստահութիւն յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ի թուականը քանի մը օրէն պիտի ճշդուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.