2013-11-07 11:25:03

Ռուսիա պատրաստ է Սուրիական վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը հիւրընկալելու


Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Ռուսիա պատրաստ է Մոսկուայի մէջ սուրիական վարչակարգին եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովէն առաջ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը հիւրընկալելու:
Ըստ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան, Պոկտանով յայտնած է, որ «Մոսկուայի մէջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի պատրաստութեան ծիրին մէջ առաջարկեցինք ոչ պաշտօնական հանդիպումներ` յարմար մթնոլորտ ստեղծելու եւ գոյութիւն ունեցող հարցերու քննարկման համար»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Մարի Հարֆ յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ի շուրջ քննարկումները կը շարունակուին` շեշտելով, որ «այդ խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ պիտի գումարուի եւ տակաւին աշխատանք կայ, որ պէտք է կատարուի»:
Ան նշեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը 9 նոյեմբերին ընդհանուր ժողով մը պիտի գումարէ, եւ «ատիկա կը թուի «Ժընեւ-2»-ին թուական մը ճշդելէ առաջ հիմնական քայլ մը ըլլալ»:
Հարֆ ըսաւ, որ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցող ժողովներուն ընթացքին կը քննարկուին «Ժընեւ-2»-ի մասնակիցներու, պատուիրակութեանց կազմին եւ օրակարգին վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ «ռուսական կողմին հետ ներկայիս քննարկումները կը շարունակուին»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը ստուգէ այն տեղեկութիւնը, թէ սուրիական կառավարութիւնը իր քիմիական զէնքերու ամբողջ պահեստը չէ բացայայտած, այլ` կարգ մը զէնքեր կը պահէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Սուրիա տակաւին գաղտնի պահեստանոց մը ունի:
Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քրտական ուժերը Ռասուլ Այնն ու անոր արուարձանները առած են իրենց վերահսկողութեան տակ:







All the contents on this site are copyrighted ©.